2016-09-13 12:01:00

''Կրօններ ու Գաղթականութիւն'' Սուրբ Աթոռի նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես գաղթականութեան ու փախստականութեան երեւոյթներու ծաւալումին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, ու համագործակցութեամբ Գաղթականներու Կաթողիկէ միջազգային յանձնաժողովին ու Միջազգային Քարիթասին, յառաջիկայ սեպտեմբեր 19-ի` առաւօտեան 11.-30-ին, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպուած է  ''Պատասխանատուութիւն եւ լուծումներ. Կրօնական կազմակերպութիւններու դերը, փախստականներու եւ գաղթականներու տեղաշարժին ի պատասխան'', վերտառութեամբ հանդիպում մը որուն առաջին զեկուցողը պիտի ըլլայ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.