2016-09-05 08:00:00

Միջազգային Քարիթաս “Մէ´կ մարդկութիւն, մէ´կ ձայն՝ ո´չ մարդավաճառութեան՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Միջազգային Քարիթասը, միասնաբար Քահանայապետական Գաղթականներու եւ Թափառաշրջիկներու հովուութեան խորհուրդին հետ, կազմակերպած են համագումար մը,  մարդու մարմնի անդամներու վաճառքի եւ մարդավաճառութեան դէմ տարուած պայքարի գործունէութեան շրջագիծէն ներս, որ տեղի պիտի ունենայ ՆիՃերիող Ապուժա քաղաքի Քարիթասի կեդրոնատեղիին մէջ։

Համագումարի նպատակն է, հանրութեան ծանօթացնել մարդու մարմնի անդամներու վաճառքի խնդիրը, պայքարիլ այդ անմարդկային աղէտին դէմ, եւ վերջապէս, յոյս ներշնչել մարդավաճառութեան թիրախ դարձած անմեղներուն։

Քահանայպետական խորհուրդն ու Միջազգային Քարիթասը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են, որուն վերնագիրն է՝ “Մէ´կ մարդկութիւն, մէ´կ ձայն, ո´չ մարդավաճառութեան”։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միջազգային Քարիթասը յանձնառու է մարդու մարմնի  անդամներու վաճառքի  դէմ մղուած  պայքարին մէջ, որուն թիրախ են   ստրկութեան եւ պոռնկութեան մատնուած կիներ ու  մանուկներ։

2015 թուականին, Գաղթականներուն կամ բռնի տեղահանուածներուն թիւը գերազանցած է 60 միլիոնը։ Ափրիկէի մէջ հազարաւոր մանուկներ եւ չափահասներ ստիպուած են  փախուս տալ պատերազմներէ։ Աղքատութեան եւ հալածանքներու ենթակաները զոհ են վաճառականութեան։

Քարիթասը մաս կը կազմէ COATNET կոչուած միջազայգին կազմակերպութեան, որ կը պայքարի մարդավաճառութեան եւ անոր պատճառներուն՝ աղքատութեան եւ աշխատանքի հնարաւութեան բացակայութեան դէմ։

Քարիթասն ու այլ միջազգային կազմակերպութիններ, մարդավաճառութեան դէմ տարուած պայքարին մէջ,  աշխարհի պետութիւններուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որ   օրէնքներու միջոցաւ պաշտպանեն մարդավաճառութեան զոհերը ու պատիժի ենթարկեն յանցագործերը։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.