2016-09-01 08:07:00

Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքի պատգամը Արարչութեան Օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Պաշտպանել Երկրի մշակութային ժառանգութիւնը'' այս է նաեւ նիւթը զոր Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա կը շօշափէ Արարչութեան օրուան առթիւ յղած իր պատգամին մէջ զոր կը նշուի մէկ սեպտեմբեր 2016-ին։

''Երկրի մը մշակութային կոթողի մը կործանումը կը վիրաւորէ համամարդկային տիեզերական ժառանգութիւնը'' կը գրէ Պատրիարքը մատնանշելով զանազան երկիրներու հնագիտական վայրերուն, ինչպէս Սուրիոյ Փալմիրա քաղաքը որ թիրախ դարձած է պատերազմի ու ահաբեկիչներու վայրագութիւններուն։

Բարթողոմէոս Պատրիարքը խօսքը ուղղելով բոլոր պատասխանատուներուն ու ամէն մէկ մարդու կը հրաւիրէ հաւասարապէս պաշտպանել ըլլայ բնական կենսոլորտը, որ վտանգի մէջ կը գտնուի կլիմայական փոփոխութիւններու պատճառաւ ըլլայ ''մշակութային համաշխարհային ժառանգութիւնը'' որ թիրախ է ռազմական ճակատամարտերու, դիտել տալով թէ մշակութային գանձերը, ինչպէս են հոգեւոր ու կրօնական  կառոյցները որոնք արտայայտութիւնն են մարդու երկհազարամեայ մտքին, կը պատկանին համայն մարդկութեան եւ ոչ թէ այն երկիրներուն որոնց տարածքին վրայ կը գտնուին անոնք։ 

Այս իրականութենէն մեկնելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը կը հաստատէ թէ ամէն մէկ մարդ էակի պարտականութիւնն է հզօրացնել այդ կառոյցներու պաշտպանութեան պայմանները այնպէս ինչպէս ամէն մէկ օրինականութեան  վրայ հիմնուած պետութեան պարտականութիւնն է կանխել որեւէ արարք որ կարող է վտանգի ենթարկել տիեզերական յուշարձաններու ամբողջականութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.