2016-08-30 10:36:00

Եւրոպայի բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար կ՛աղօթեն արարչութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդը, Եւրոպայի Եկեղեցիներու Ժողովը եւ Կենսոլորտի Եւրոպական Քրիստոնէական Համացանցը կը հրաւիրեն աղօթել արարչութեան համար։ Այս առիթով յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ հետեւեալ խորագրով՝ «Արարչութեան նուիրուած ժամանակ – Աղօթենք միասնաբար գնահատելու արարչութեան պարգեւը եւ խնամելու զայն։» Յայտարարութիւնը ստորագրուած է յիշեալ կազմակերպութիւններու քարտուղարներու կողմէ։ Այնտեղ կը յիշուի, թէ «Կը գտնուինք հրատապ մարտահրաւէրներու դիմաց, ուր կենսոլորտի վիճակը կը վատթարանայ, եւ կլիմայական փոփոխութիւնը կը յառաջանայ։ Քաջալերուած Ֆրանչիսկոս Պապի «Գովեալ Լիցի» շրջաբերականէն, ճանչնա՛նք բոլորիս հայող պատասխանատուութիւնը։ Կը հրաւիրենք Եւրոպայի բոլոր քրիստոնեաները, Եպիսկոպոսական Ժողովները, Եկեղեցիներու Խորհուրդը, ժողովրդապետութիւնները, եկեղեցական համայնքները եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկ՝ ժամանակ տրամադրելու Արարչութեան, եւ միասնաբար տօնախմբելու Արարչութեան նուիրուած ժամանակը՝ համապատասխան ծէսերու ընթացքին, եւ պահելու քրիստոնէական հաւատքը՝ Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ։ Կը յորդորենք, որ իւրաքանչիւրն իր շրջանակէն ներս, աղօթք բարձրացնէ Արարչութեան պարգեւին համար։ Ըստ Աւետարանին, կենսոլորտի հանդէպ եղած պատասխանատուութիւնը չէ կարելի բաժնել մեր պատասխանատուութենէն, որ պէտք է ունենանք մարդկային էակներու, մեր ընկերոջ, աղքատներուն եւ մոռցուած անհատներու հանդէպ, որ կը կատարուի զօրակցութեան եւ սիրոյ ճշմարիտ հոգիով։ Արարչութիւնը յարգել՝ չի նշանակեր լոկ պահել ու պաշտպանել երկրագունդը, ջուրը եւ բնութեան այլ տարրերը։ Պէտք է նաեւ յարգանք ցուցաբերենք մարդկային էակներու հանդէպ, որոնք միասնաբար կը վայելեն պարգեւները եւ իրենց վրայ կը կրեն պատասխանատուութեան բեռը։ Իբր Քրիստոնեաներ՝ մենք միշտ կը յուսանք։ Կը հաւատանք, որ Աստուած չի լքեր արարչութիւնը։ Մենք մեր կարգին՝ կրնանք ըլլալ այդ յոյսի փարոսները, պաշտպանելով տարբեր ապագայի մը սերմերը։ Կոչ կ՛ուղղենք մեր պետութիւններուն, որ վաւերացնեն Փարիզի համաձայնագիրները. փնտռենք աճի այլ ցուցանիշներ, որոնք աւելի յարմար են հասարակութիւններու եւ բնութեան համոյթներու առողջութեան։ Կրնանք հանածոյ վառելանիւթերու տեղ ներդրումները կատարել ա՛յլ կայուն միջոցներու վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.