2016-08-29 09:30:00

Լոյս տեսաւ ''Աստուծոյ ու մարդկութեան ծառայ։ Պենետիկտոս ԺԶ կենսագրութիւնը'' գիրքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 30 օգոստոս 2016-ին լոյս տեսաւ Մոնտատորի հրատարակչական տան` ''Աստուծոյ ու մարդկութեան ծառայ։ Պենետիկտոս ԺԶ կենսագրութիւնը'' խորագիրով գիրքը, որուն հեղինակն է Իտալացի լրագրող Էլիօ Կուերիերօ եւ որուն յառաջաբանը գրած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնելով թէ ''Եկեղեցւոյ համար` բացի կառավարող Քահանայապետէն, վաստակաւոր Քահանայապետի մը ներկայութիւնը նորութիւն է։  Եւ որովհետեւ անոնք սիրով կ՛ապրին միասին, այս մէկը գեղեցիկ նորութիւն է''։

Մինչ Վաստակաւոր Քահանայապետը գիրքին մէջ յայտնած է թէ իր յաջորդին հետ կապն ու յարաբերութիւնը սքանչելի օրէն հայրական-եղբայրական կապ է։

''Հռչակել աշխարհի նկատմամբ Աստուծոյ ողորմած սէրը'' այս է  Ֆրանչիսկոսին համար եկեղեցւոյ ծառայութեան նպատակը որ զինք կը նոյնացնէ իր նախորդին հետ։ 

Հոգեւոր խոր կապը եւ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը որ զիս կը կապէ Պենետիկտոս ԺԶ-ին հետ, կը գրէ Ֆրանչիսկոսը յառաջաբանին մէջ, արտայայտութիւնն է Պետրոսի գործունէութեան շարունակութեան, որպէս նոյն շղթայի օղակներ։

''Անոր հետ փորձարկեցի հոգեւոր մօտիկութիւն ու միասին աղօթելու ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ անկեղծ եղբայրութիւն, հասկացողութիւն եւ բարեկամութիւն, ապա խորհուրդ տալու տրամադրութիւն'' կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ այս մէկը ի յայտ կու գայ նաեւ ամէն անգամ որ երկու քահանայատները իրարու կը հանդիպին։

Ֆրանչիսկոսի համար Վաստակաւոր քահանայապետի ներկայութիւնն ու աղօթքը  Եկեղեցւոյ համար շարունակական աջակցութիւն ու մխիթարութիւն են, ու նախաբանին մէջ Ան կը յայտնէ  թէ ''համայն եկեղեցին երախտագիտութեան պարտք մը ունի Պենետիկտոս ԺԶ-ի նկատմամբ, անոր աստուածաբանական մտածողութեան խորութեան ու հաւասարակշռութեան համար, զոր ապրած է միշտ որպէս Եկեղեցւոյ ծառայութիւն''։

Միւս կողմէն, գիրքին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը խօսելով իր յաջորդի մասին կ՛ընդգծէ թէ ինք իսկապէս ազդուած է անոր մարդկայնութենէն։ ''Այն ինչ որ կ՛ըսէ լոկ բառեր չեն, կ՛ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ, այլ այդ խօսքերը ի գործ կը դնէ, ու այս մէկը կ՛ընէ նաեւ իմ հետս` հայրական - եղբայրական սքանչելի յարաբերութեամբ, կարծես ըլլար յատուկ շնորհք մը իմ կեանքիս այս վերջին հանգրուանին։ Թող Տէրը ամէն օր անոր շնորհէ բարիքներ։ Ասոր համար է որ կ՛աղօթեմ Տիրոջ` Քահանայապետին համար'' հաստատած է Պենետիկտոս ԺԶ որ գիրքին մէջ ապա դարձեալ ակնարկած է իր հրաժարականի մասին, բացատրելով թէ այդ որոշումը առած է ''Ֆիզիկական տկարութեան'' պատճառաւ ու իր պաշտօնի բերումով յանձն առնելիք ճամբորդութիւններուն եւ գործունէութիւններուն ի տես, որոնք կը պահանջէին ''Քահանայապետին ֆիզիկական ներկայութիւնը'' ինչպէս էր պարագան Քուպայի երկար ճամբորդութեան եւ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին։

Պենետիկտոս կը խոստովանի թէ այդ որոշումը առնելէ առաջ դիմեց աղօթքի ու աղօթքին մէջ գտաւ հրաժարականի որոշումի ներքին անդորրութիւնը։ ''Եթէ վստահ ու համոզուած չ՛ըլլայի թէ ես պարզ ու խոնարհ ծառայ մըն եմ Աստուծոյ Այգիին մէջ, գուզէ կը մտահոգուէի'' ըսած է Վաստակաւոր Քահանայապետը հաստատելով թէ ''եկեղեցին կառավարուած ու առաջնորդուած է Տիրոջմէ եւ թէ Անոր ձեռքերուն մէջ կարելի էր դնել պաշտօնը որ իրեն յանձնուած էր ընտրութեան օրը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.