2016-08-27 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ամերիկայի Ցամաքամասին ուղղուած պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհ պէտք ունի հովիւներու, որոնք գիտեն «ողորմածութեամբ վարուիլ», որովհետեւ այդ կեցուածքը կը փոխակերպէ անհատներու սիրտը եւ պէտք է ըլլայ հովուական եւ առաքելական որեւէ արարքի բաբախող կենդրոնը։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, այս իմաստով տոգորուած պատգամ մը ուղղած է Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպիան Կղզիներու Եկեղեցիներուն, որոնք 27-30 օգոստոսին, Պոկոթայի մէջ, Քոլոմպիա, կը կատարեն Ողորմածութեան Յոբելեանի նուիրուած համագումար մը, որուն ներկայ կը գտնուին եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, աշխարհականներ լատին Ամերիկայի 22 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներ Քանատայէն եւ ԱՄՆէն, եւ ներկայացուցիչներ Սուրբ Աթոռի կողմէ։ Նպատակն է՝ Յոբելինական տարւոյն աւիշը, «Ողորմածութեան Հոգին», փոխակերպել թանձրացեալ օգնութիւններու, յատկապէս բոլոր անոնց համար, որոնք, Սրբազան Պապի խօսքերով, «կʼապրին գոյութեան ծայրամասերու» մէջ։ Սրբազան Պապը կը պատգամէ, որ Ողորմածութիւնը չըլլայ միայն խօսք՝ այլ գործ։

Ո՞րն է քրիստոնեաներու «ապահով վարդապետութիւնը», հարց կու տայ Սրբազան Պապը, եւ իբր պատասխան կʼառնէ Պօղոս Առաքեալի խօսքերը, թէ մենք «ողորմութիւն ընդունած ենք»։ Սուրբ Պօղոս Տիմոթէոսի ուղղուած Ա. նամակին մէջ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Յիսուսի, ըսելով՝ «Երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ զօրացուց զիս եւ արժանի համարեցաւ իրեն սպասաւոր կարգելու. զիս, որ նախապէս կը հայհոյէի, կը հալածէի եւ կʼանարգէի զԻնք։ Բայց ան ողորմութիւն ցոյց տուաւ ինծի, որովհետեւ այդ բանը կʼընէի անգիտակցաբար, երբ տակաւին չէի հաւատացած Անոր։ Մեր Տէրը զիս ողողեց իր շնորհքով՝ տալով այն հաւատքը եւ սէրը, որ ունինք մենք՝ Յիսուսի Քրիստոսի միացածներս։ Պարզ է մէկ բան, եւ այդ ամէն մարդ պէտք է իմանայ, թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց առաջինը ե՛ս եմ։ Բայց Աստուած ողորմութիւն ցոյց տուաւ ինծի, որպէսզի իմ նկատմամբ Յիսուսի ցուցաբերած անսահման համբերատարութիւնը օրինակ ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Անոր՝ յաւիտենական կեանք ունենալու համար։» (Ա. Տիմ Ա. 12-16)

Առաքեալին այս խօսքերը՝ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամին ներշնչման աղբիւրն են։ Ան կը  նկատէ, թէ Քրիստո՛ս է, որ ողորմութիւն կը շնորհէ, ապա կը շեշտէ թէ ողորմածութիւնը թանձրացեալ ձեւ մըն է անհատներու մօտենալու, երբ անոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուին, ինչպէս էր Պօղոս առաքեալի պարագան, որ հալածիչ էր եւ ապա կարգուեցաւ սպասաւոր Քրիստոսի։ Ողորմածութիւն կը նշանակէ՝ ուրիշներուն յոյս ներշնչել, եւ երբ մեղքերու բեռին տակ ճնշուած են՝ թեթեւացում տալ եւ վերականգնել։

Ուրիշներու հետ պէտք է վարուինք՝ ոչ վախէ մղուած, այլ փոխակերպումի յոյսէն։ Եթէ վախը մեզ կը մղէ, այդ պարագային պիտի նմանինք Անառակ Որդիի առակին երէց եղբօր, որ գայթակղած էր հօր արարքէն։ Պէտք չէ ունենանք այդ անջատողական տրամաբանութիւնը, որ ընկերային իրականութիւնը կը բաժանէ բարիներու եւ չարերու, սուրբերու եւ մեղաւորներու։ Դա կը նշանակէ «յիշողութեան կորուստ»՝ մոռացում, թէ նախ Աստուած մեզի ներում շնորհած է։

«Ողորմածութիւնը» լոկ տեսութիւնը մը չէ, այլ մեր մեղսականութեան պատմութիւնը, իմ մեղսականութեանս պատմութիւնը։ «Ողորմածութիւնը» նաեւ այն սիրոյ արարքն է՝ որ ինծի շնորհուեցաւ երբ Աստուած ինծի ողորմեցաւ։

Հետեւաբար եկեղեցւոյ բոլոր գործերը, բոլոր մակարդակներու վրայ, պէտք է կատարուին՝ վկայելով այս իրականութիւնը՝ մեր մեղսականութիւնը եւ Աստուծոյ սիրազեղ ողորմածութիւնը։

Աստուծոյ Ողորմածութիւնը փոխակերպեց Սուրբ Պօղոսը եւ զայն կարգեց իբր առաքեալ։ Մենք ողորմածութեան առաքեալներ ենք. այս «վիրաւոր աշխարհին» մէջ պէտք է «յառաջ մղենք եւ խթանենք ողորմածութեան դաստիարակութիւն մը։» Հովուականի սիրտը եւ ողորմածութեան դիմագիծը կը հասկնանք, երբ անձամբ կʼընդունինք ներում, եւ ապա մեր եղբայրներուն հետ ալ կը վարուինք ներումի այդ հոգիով։








All the contents on this site are copyrighted ©.