2016-08-27 09:15:00

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մօտակայքը


ՀԱԼԷՊ, «Արեւելք».- Չորեքշաբթի, 24 Օգոստոսին, Հալէպի հայկական շրջանները դարձան թիրախ ընդդիմադիր զինեալներու հրթիռարձակումներուն:

Չորեքշաբթի յետմիջօրէին պայթուցիկ տակառներ ինկան Թելեֆոն Հաուայի շրջանին մօտակայքը՝ պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ:

Հրթիռները ինկան Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մօտ գտնուող տարածքին մէջ. Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի նախագահ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան հաստատեց, թէ հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ չեն եղած, սակայն Հալէպի հայկական շրջանակներուն համար, Չորեքշաբթի օրը եղած է շատ ծանր օր մը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր բաւական դժուար օր էր մեզի համար եւ երկու հրթիռներ ինկան մեր եկեղեցիին մօտ: Դպրոցին բարձրագոյն յարկը մեծ թիւիով երեխաներ քննութիւն կը ներկայացնէին եւ անոնք հրաշքով փրկուեցան»:

Վերապատուելի Սէլիմեան, որ հրթիռարձակումներէն անմիջապէս ետք հասած է դէպքի վայրը, նկատել տուաւ, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ վնասներ:

Նշենք, որ Հալէպի տարբեր շրջաններ եւս ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու՝ խլելով 6 անձերու կեանքը եւ պատճառ դառնալով տասնեակ անզէն քաղաքացիներու վիրաւորման:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.