2016-08-27 08:24:00

Հայաստանի արտաքին պարտքը աւելցած է շուրջ 154 միլիոն տոլարով


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ամփոփած է 2016ի առաջին կիսամեակի ընկերային-տնտեսական ցուցանիշները:

Անոնց համաձայն՝ ապրանքներու արտածման ծաւալը տուեալ ժամանակաշրջանին կազմած է 817 միլիոն տոլար: Նոյն ժամանակ, ապրանքներու դէպի Հայաստան ներածումը կազմած է 1 միլիառ 457 միլիոն տոլար: Ամփոփուած ցուցանիշներուն համաձայն՝ արտաքին առեւտուրի հաշուեկշիռը տուեալ ժամանակահատուածին եղած է բացասական եւ կազմած է գրեթէ 640 միլիոն տոլար:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի արտաքին պետական պարտքը աւելցած է գրեթէ 154 միլիոն տոլարով եւ կազմած է 4 միլիառ 470 միլիոն տոլար: Նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի համախառն միջազգային պահեստները նուազած են 205 միլիոն տոլարով եւ կազմած են 1 միլիառ 566 միլիոն տոլար:

2016ի առաջին եռամսեակին համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի կշռոյթը կազմաթ է 104.4 տոկոս: 2016ի առաջին եռամսեակին ՀՆԱի ծաւալը, ընթացիկ գիներով, կազմած է 898,232,6 միլիոն դրամ, որուն մէջ գիւղատնտեսութեան ծաւալը՝ 56,414,8 միլիոն կամ ՀՆԱի 6.3 տոկոսը։ Նոյն ժամանակաշրջանին համախառն ներքին արդիւնքի աճի կշռոյթը՝ 104.4 տոկոսով գերազանցած է գիւղատնտեսութեան աճինը՝ 103.8 տոկոս:

Սպառողական գիներու ցուցակը 2016ի երկրորդ եռամսեակին կազմած է 98.3 տոկոս՝ նախորդ տարուան 105.1 տոկոսի փոխարէն: Արձանագրուած գիներու անկումը պայմանաւորուած էր պարէնային ապրանքներու (ներառեալ ոգելից խմիչք եւ ծխախոտ) ու ոչ պարէնային ապրանքներու համապատասխանաբար 96.4 եւ 97 տոկոս գիներու անկումով: Նոյն ժամանակաշրջանին ծառայութիւններու գիներուն ցուցակը կազմած է 102.4 տոկոս՝ նախորդ տարուան 103.9 տոկոսի փոխարէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.