2016-08-27 09:08:00

Համահայկական հարցերու քննարկումներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան կողմէ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ամրան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենայ, որոնց ընթացքին քննարկումներ կը կատարէ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող զանազան նիւթերու շուրջ: Սոյն հանդիպումներուն կը նախագահէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին, կաթողիկոսի թելադրութեամբ միաբան հայրեր մէկ կամ երկու նիւթի շուրջ զեկոյցներ կը պատրաստեն: Տրուած զեկոյցները առիթ կը հանդիսանան, որ միաբաններ աւելի խոր քննարկումներ կատարեն ներկայացուած նիւթերուն շուրջ: Ապա, վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտները կը յայտնէ, ուղղութիւններ կու տայ եւ հարկ եղած թելադրութիւնները կը կատարէ:

Դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս հանդիպումները կը միտին լուսաբանել միաբան հայրերը եւ միասնական կեցուածք ճշդել մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հետ առնչութիւն ունեցող տարբեր հարցերու շուրջ:

Քաղուած Ասպարէզէն








All the contents on this site are copyrighted ©.