2016-08-27 08:20:00

Լատին Ամերիկայի Եկեղեցւոյ Ողորմութեան Յոբելեանը


(Ռատիօ Վատիկան) 27-31 օգոստոս 2016-ին,  կազմակերպութեամբ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ու համագործակցութեամբ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնաժողովին, Քոլոմպիայի մայրաքաղաք` Պոկոթայի մէջ կը նշուի Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու Եկեղեցւոյ Ողորմութեան Յոբելեանը, որուն խորագիրն է ''Սրբութեան ուժեղ քամի մը ուղեկցի Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանին' համայն ամերիկաներու մէջ'', քաղուած Ֆրանչիսկոս Պապի անցեալ 2 Մայիս 2015-ին հիւսիսային ԱմերԻկայի Հռոմի վարժարանին մէջ արտասանած քարոզէն։ 

Քահանայապետը արդարեւ խրախուսած է Լատին Ամերիկայի Եկեղեցին, այնպէս ընելու որ ողորմութիւնը չ՛ըլլայ լոկ խօսքերով պատգամ մը, այլ թարգմանուի կարիքաւորներուն ի սպաս օգնութեան ներգործութիւններու։ Ասոր համար համայն ցամաքամասը կոչուած է միանալու այն աղքատի ձայնին որ մեզի կոչ կ՛ուղղէ աւելին ընելու եւ օգնելու անոնց որոնք դիւրաբեկ ու անբարենպաստ կեանք կ՛ապրին։

Յոբելենական օրերը սկիզբ կ՛առնեն Պոկոթայի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագով ու կ՛եզրափակուին ''Լա Քալերայի'' հրաշագործ ''Փորցիունքոլա'' մատրան մէջ որ է խորհրդանիշը Սուրբ Ֆրանչիսկոսին` աղքատներու սուրբին։ 

Կը սպասուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.