2016-08-27 10:17:00

Իտալիոյ մէջ երկրաշարժի առթիւ Ազգային սուգի օր։ 291 մեռեալ, 2000-է աւելի տեղահաններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 27 օգոստոս 2016-ը, Իտալիոյ մէջ հռչակուած է Ազգային սուգի օր, ի տես անցեալ օրերուն կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժին որուն հետեւանքով մինչեւ մեռաելներու թիւը հասած է  291-ի մինչ 2100-է աւելի անհատներ տեղահան եղած են ու կան հարիւրաւոր վիրաւորներ, իսկ այս աղէտին հանդերձ բարի լուրը այն է որ փլատակներու տակէն մինչեւ այսօր ողջ փրկուած են 238 անձեր։

Այսօր Մարքէ Մարզի Ասքոլի Փիչենօ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Պետական Յուղարկաւորութեան կարգ, Մարքէ նահանգը հարուածող երկրաշարժի զոհերուն համար, մասնակցութեամբ Իտալիոյ նախագահ Մաթթարելլային եւ իտալիոյ Վարչապետ Ռենցիին։

Լացիօ Մարզի Ամաթրիչէ գիւղաքաղաքին մէջ փլատակներու տակ փնտռտուքները կը շարունակուին ու կը շարունակուին նաեւ եւ դժբախտաբար  երկրաշարժի յետացնցումները որոնք դժուարութեան մատնեցին փրկարար մարմիններու աշխատանքը։ Ըստ որոշ տուեալներու համաձայն անյայտ ճակատագրով անձերու թիւը 15-է։

Զօրակցութեան ցանցը գործի լուծուած է ու Իտալական իշխանութիւնները կը ջանան ամէն տեսակէտով օգնութիւն եւ սփոփանք ապահովել վերապրողներուն, որոնց շարքին կան նաեւ բազմաթիւ մանուկներ եւ ընտանիքներ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս որ ի լուր երկրաշարժի աղէտին ու անոր պատճառած աւերներուն մեծապէս ազդուած ու յուզուած էր, բացի իր զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը յայտնելէ եւ աղօթելէ երկրաշարժի թիրախ դարձած բոլոր զոհերուն համար­, տեղւոյն վրայ ուղարկած է Վատիկանի վեց հրշէջներ ու վեց ոստիկաններ իրենց սատարն ու համագործակցութիւնը տալու օգնութեան աշխատանքներուն, մինչ այդ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, յառաջիկայ 18 սեպտեմբերին իտալիոյ եկեղեցիներուն մէջ կազմակերպած է դրամահաւաք` 1 միլիոն եւրօ խոստանալով բոլոր վերապրողներու օգնութեան ի սպաս։  








All the contents on this site are copyrighted ©.