2016-08-27 08:28:00

Թեզէի երիտասարդներու յատուկ շաբաթը Ֆրանսայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 28 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր Ֆրանսայի Թեզէ քաղաքին մէջ նախատեսուած է 18 տարեկանէն 25 տարեկան երիտասարդներու վերապահուած Թեզէի հասարակութեան յատուկ շաբաթը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւրոպայէն եւ այլ ցամաքամասերէ ժամանած բազմաթիւ երիտասարդներ։

Հանդիպման օրակարգը կը նախատեսէ ամէնօրեայ առաւօտեան աղօթք եւ Աստուածաշունչի մեկնաբանութիւն, յատուկ ''Ֆորում-ներ'' նուիրուած զանազան ցամաքամասերու երիտասարդութեան ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւններու եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու մաս կազմող  երիտասարդներուն։

Նախատեսուած են նաեւ առողջապահութեան, ընկերային աշխատանքի, գիտութեան, կրթութեան, աստուածաբանութեան ու այլ նիւթերու յատկացուած խմբային զանազան հանդիպումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.