2016-08-26 13:19:00

Խաղաղութեան Համաշխարհային օր. “Բռնութեան մերժումը՝ իբր խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ”


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 2017-ի  յունուար 1ի, Խաղաղութեան 50րդ միջազգային օրուան որպէս նիւթ ընտրած է ՝ “Բռնութեան մերժումը՝ իբր խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ” նիւթը։

Նորին Սրբութիւնը  ընտրած է այս նիւթը, նկատելով, որ բռնութիւնը եւ խաղաղութիւնը ընկերութիւնը կառուցելու երկու հակոտնեայ կերպերու սկզբնաւորութիւնն են։ Բռնութեան օճախներու բազմացումը ծանրակշիռ եւ բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ ընկերութեան մէջ։ Սրբազան Հայրը այս իրավիճակը կը բնութագրէ իբր “երրորդ համաշխարհային պատերազմ՝ կատարուած հատուածաբար”։ Մինչ խաղաղութիւնը, ունի դրական հետեւանքներ ընկերութեան մէջ եւ մէջտեղ կը բերէ իսկական յառաջդիմութիւն։

Հետեւաբար Սրբազան Պապի այս պատգամը նպատակ ունի նշելու յաւելեալ քայլ մը, յոյսի երթ մը՝ պատմական ներկայ պայմաններուն մէջ։ Այս հեռանկարը կը բովանդակէ յարգանք՝ ժողովուրդներու մշակոյթի եւ ինքնութեան.  հետեւաբար պէտք է գերազանցել այն գաղափարը՝ թէ մէկ մասը բարոյապէս աւելի գերազանց է քան միւսը։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ, այս չի նշանակեր թէ ազգ մը կրնայ անտարբեր ըլլալ ուրիշի մը ողբերգութեան հանդէպ։ Այլ ընդհակառակը, ճանչնալ դիւանագիտութեան գերակայութիւնը՝ զէնքերու շառաչիւնին վրայ։

Զէնքի վաճառքը աշխարհի վրայ շատ տարածուած է, սակայն թերագնահատուած։ Այս վաճառքը պատճառ կը հանդիսանայ բազմաթիւ հակամարտութիւններու։ Բռնութիւնը մերժել՝ իբր քաղաքականութիւն, կրնայ եւ պէտք է դիմադրէ այս պատուհասին։

Նշենք թէ Խաղաղութեան միջազգային օրը հաստատուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով եւ կը նշուի ամէն տարուայ Յունուար մէկին։ Պատգամը ապա կ՛ուղղուի աշխարհի բոլոր դիւանագիտութիւններուն ու կը ներկայանայ որպէս Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ընթացքի ուղեցոյց։








All the contents on this site are copyrighted ©.