2016-08-26 10:09:00

Ողորմածութիւն (ԺԶ)


Որովհետեւ այդ է աստուածպաշտութիւնը, երբ առատ ողորմութեամբ կ’օգնես տառապողներուն եւ նեղութեան մէջ եղողներուն. այնպիսին ոչ թէ ողորմութիւն կ’ընէ, այլ կը ստանայ անանց բարիքներու վայելչութիւնը, նաեւ այստեղ բազում բարիքներ կը գտնէ, երբ բարիք կ’ընէ։ Եթէ երկրի վրայ աղքատներ չըլլային, ո՞վ կարող պիտի ըլլար թեթեւցնել մեղքերու բազմաթիւ բեռները, եւ կամ փրկուիլ իր ալեկոծ եւ ծովու նման ծփացող անօրէնութիւններէն։ Աղքատներուն տրուած ողորմութիւնը մեզ կ’անցընէ այս աշխարհի սահող եւ ալեկոծ կեանքի մէջէն եւ կը հասցնէ խաղաղութեան նաւահանգիստ։ Իսկ տառապողներուն համար կատարուած աղօթքները արմատախիլ կ’ընեն, կը հանեն մեր մեղքերու տատասկը, կը մաքրեն եւ կը սրբեն մեր պիղծ մեղքերու թարախը, կը բուժեն եւ կ’առողջացնեն սատանայի պատճառած վէրքերը, կը ցրուեն եւ կը թեթեւցնեն մեր անօրէնութիւններու ծանրութիւնը եւ մեզ երկինք կ’ուղարկեն քաւութիւն ստացած եւ արդարացած։ Այսպէս է ողորմութեան զօրութիւնը. այն մեզ դուրս կը հանէ դառն կապանքներէն՝ յանցաներու խորքէն, որոշ չափով դրամի  միջոցով, որ կու տանք աղքատներուն։

Դուն մի´ տրտմիր, որ կը պակսի քու ունեցածդ, որովհետեւ անոր հետ միասին մեղքերդ կը պակսին։ Եւ երբ դրամը քեզմէ կը հանես, անոր հետ կը հանես նաեւ մեղքերդ, կը սրբես պիղծ գործերուդ աղտեղութիւնը։ Ինչպէս Տէրը կ’ըսէ. “Ողորմութիւն տուէք, եւ ձեր ամէն ինչը սուրբ կ’ըլլայ” (Ղուկ ԺԱ. 41)։ Որովհետեւ ողորմութեամբ կը սրբուի ողորմածի մարմինը, կը սրբուի նաեւ անոր հոգին, կ’օրհնուի ստացուածքը եւ կը յաջողին անոր գործերը։ Կը շատանան անոր անասունները, կը բազմանան խաշները, կը պտղաբերեն անդաստանները, եթէ միայն Աստուծոյ կամքով ողորմութիւն կու տայ. որովհետեւ տնանկներուն ողորմելով՝ փոխ կու տայ Աստուծոյ։ Իսկ Աստուած փոխարէնը ողորմածներուն կը հատուցանէ ոչ միայն այն, ինչ որ վերը ըսինք, այլ նաեւ արքայութիւնը կը շնորհէ, կը փրկէ թշնամիի որոգայթներէն եւ կ’ազատէ դժողքի ձեռքէն։ Թէեւ կուսութիւնը մեծ սրբութիւն է, բայց ողորմածը աւելի պատուական է. թէեւ մեծ է ամուր պահեցողութիւնը, եւ մեծամեծ են բազում առաքինութիւնները, բայց աւելի մեծ, կարեւոր եւ Աստուծոյ կողմէ ընդունելի է ողորմութիւնը. մեծ եւ պատուական է ողորմած մարդը։ Աստուածաշունչի Գրքերը մարդ իստ չեն անուաներ զայն, որ ողորմութիւն չի տար, այն կ’անուանեն շուն, խոզ եւ միայնակեր գազան։ Որովհետեւ այդպիսիները անլոյս ճրագ են, չտեսնող աչք, անջուր աղբիւր եւ գոսացած ծառ, որոնք միայն անուն ունին եւ մէկ օգուտ չեն տար։

Արդ, ինչպէ՞ս իմանանք, թէ անողորմ անհատը մարդ է. ինչպէս որ աղբիւրը ջուրի պատճառով աղբիւր կ’անուանենք, ճրագը լոյս տալու պատճառով ճրագ կը կոչենք, այդպէս ալ մարդը իր ըրած ողորմութեամբ է որ իբր մադ կը ճանչնանք, այն պատճառով, որ միշտ կը խոնարհեցնէ սիրտը՝ աղքատի սիրով եւ գութով, ձեռքերը կը գործածէ՝ կարօտեալներուն ողորմութիւն տալու, եւ քաղցած աղքատներուն միջոցաւ Քրիստոսը կը կերակրէ։ Որովհետեւ Քրիստոս աղքատներուն մատուցուած ընդունելութիւնը Իրենը կը համարի՝ ըսելով. “Քաղցած էի, եւ կերակրեցիք զիս, ծարաւի էի, եւ հագցուցիք, անօթեւան էի, ընդունեցաք զիս, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ, այցելեցիք ինծի” (Մատհ ԻԵ. 35-36)։

Եւ արդ, եթէ կը հաւատաս անսուտ խօսքին, ճշմարտապէս յիշէ, որ երբ կը կերակրես քաղցածները, Քրիստոս կը կերակրես. եթէ ծարաւեալին ջուր տաս խմելու, Քրիստոսի կը խմցնես, եթէ հիւր կ’ընդունիս, Քրիստոս կ’ընդունիս, եւ եթէ օտարականին օթեւան կու տաս, Քրիստոս կը հիւրընկալես, եթէ հիւանդի տեսութեան կ’երթաս, Քրիստոս տեսնելու կ’երթաս, եթէ կը սփոփես նեղեալները՝ Քրիստոս կը մխիթարես. եթէ կ’օգնես անօգնականին, Քրիստոսի կ’օգնես, եթէ տկարներուն կը ծառայես, Քրիստոսի կը ծառայես, եւ ամէն բան, որ քաղցեալին կու տաս, Քրիստոսի ձեռքը կու տաս, որ վերջին Օրը բազմապատիկ պիտի հատուցանէ, ուր չկան ամբարած ինչքեր, ո´չ սիրելիներ եւ ծանօթներ, ուր ոչ սուրբերը կարող են օգնել, ո´չ ալ արդարները կարող են փրկել, ուր ո´չ հայրերը կը գթան, եւ ոչ եղբայրները կ’ողորմին, այլ կ’օգնէ միայն աղքատներուն կատարուած ողորմութիւնները եւ բարի վարքը։

Արդ, չսպասենք վախճանին եւ ագահ չըլլանք, աղքատներուն կարիքի մէջ չձգենք եւ Քրիստոս չտրտմեցնենք, այլ կերակրենք որբերը, այրիներուն հոգ տանինք, պանդուխտները հաւաքենք, քաղցեալները կերակրենք, մխիթարենք Քրիստոս. այս աշխարհի մէջ առատ տուրքերով մարդասիրութեամբ սերմանենք եւ երկինքի մէջ ողորմութիւններ հնձենք, երկնային խորաններ բարձրանանք եւ անանց ուրախութիւնները վայելենք մեծապայծառ բերկրութեամբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսո, Որուն փառք եւ պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.