2016-08-26 11:58:00

Բարթողիմէոս Ա Տիեզերական պատրիարքի մասնակցութիւնը Իտալիոյ Ժողովուրդի ցաւին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կեդրոնական Իտալիոյ շրջանը հարուածող ուժգին երկրաշարժին ի լուր, որ մինչեւ այսօր պատճառած է  աւելի քան 267 մեռեալներ եւ 380 վիրաւորներ,  Կ. Պոլսոյ Տիրեզերական Պատրիարքը Բարթողիմէոս Ա ցաւակցագիր յղած է Անգարայի մէջ Իտալիոյ Դեսպան` վսեմաշուք Տիար Լուիճի Մաթթիոլոյին, որուն մէջ Պատրիարքը   իր  ու  Կոստանդնուպոլսոյ համայն եկեղեցւոյ անունով ցաւակցութիւն յայտնած է տասնեակ անմեղ զոհերուն  համար, ինչպէս նաեւ  շտապ ապաքինում մաղթած է վիրաւորներուն,  Բարձրեալին օգնութիւնը Իտալիոյ ժողովուրդին։

Յատնենք, թէ  Վրաստանի Կաթողիկոս Պատրիարքը ցաւակցագիր յղած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Իտալիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն  համար։   








All the contents on this site are copyrighted ©.