2016-08-26 09:54:00

Յովհաննէս Պօղոս Ա` Ալպինօ Լուչիանի Քահանայապետի անուան թանգարանի բացում։


(Ռատիօ Վատիկան)  26 օգոստոսին, կը նշուի աւազանի անունով Ալպինօ Լուչիանի` Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետի գահակալութեան յիշատակը։ 

Ալպինօ Լուչինաի ծնած էր  Իտալիոյ Պելլունօ քաղաքի Քանալէ Տ՛ակորտօ գիւղին մէջ որ այս տարի յատուկ արարողութեամբ կը յիշատակէ երջանկայիշատակ քահանայապետին գահակալութեան տարեդարձը, Անոր նուիրելով տուն-թանգարան մը որուն բացումը կը կատարէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝  կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ուրբաթ 26 օգոստոս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 16.30-ին նախագահած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Թանգարանին բացման  արարողութեան ծիրէն ներս, նախատեսուած է լրագրողներու վերապահուած Թանգարանին յատուկ այցելութիւն, ապա Ալպինօ Լուչիանօ Քահանայապետին ծննդեան պատմական բեմադրութիւնը։

Նշենք թէ 26 օգոստոս 1978-էն ի վեր գոյութիւն ունէր ''ժպիտի Քահանայապետին'' վերապահուած ժամանակաւոր ցուցահանդէս թանգարան մը որ այժմ վերանորոգութեան ենթարկուած ու աւելիով հարստացած է, երջանկայիշատակ Քահանայապետի պատկանած առարկաներով։

Ալպինօ Լուչիանի անուան թանգարանին նպատակն է ճանչցնել Յովհաննէս Պօղոս Ա. Պապի կեանքը, կազմաւորումը, մշակութային պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ուսուցումը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.