2016-08-22 10:05:00

Քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքներ։ Ցուցահանդէս Ռիմինիի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) «Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ» կազմակերպութեան իտալիոյ մասնաճիւղը կազմակերպած է ցուցահանդէս մը Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում շարժումի տարեկան «Միթինկ»ի առիթով, որ տեղի կ᾿ունենայ Օգոստոս 19-25 Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ։
Այնտեղ կը ներկայացուին վերջերս տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը, ուր հարիւրաւոր քրիստոնեաներ զոհ եղած են ահաբեկչական արարքներու, ինչպէս Լահորի, Քենիայի կամ Պանկլատեշի մէջ։
Ցուցադրութեան  մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն մարտիրոսացած զոհերու մասունքներ.  Լահորի մէջ զոհուած 30 մանուկներէն մէկուն արջուկ պուպրիկը, Քենիայի մէջ զոհուած աղջկան մը աւարտականի վկայականը եւն։
Ցուցահանդէսի այցելուները ապա կ᾿անցնին «մարտիրոսներու փապուղիէն», ուր մթութեան մէջ կը ցուցադրուին ինը մարտիրոսներու լուսանկարներ եւ կը ներկայացուին ձայնի արձանագրութիւններ։ Ասոնց կարգին Հայր Ժաք Ամել, 85ամեայ քահանան, որ Ռուէնի մէջ սպաննուած էր. Հայր Անտրէա Սանթորօ, իտալացի քահանան, որ սպաննուած էր Թուրքիոյ մէջ 2006 թուականին։
Այս առիթով լսելի պիտի ըլլան նաեւ վկայութիւնները աշխարհի չորս ծագերէն, ուր հալածանքներ կամ պատերազմներ կը խլեն բազմաթիւ զոհեր։ Եօթ վկաներ պիտի ներկայանան այնտեղ, որոնց կարգին Գերապայծառ Մթանիոս Հատտատ՝ Սուրիայէն, Փրոֆեսոր Շահիտ Մոպէէն՝ Փաքիստանէն, Հայր Իսսա Ապուսատա՝ Սուրբ Երկրէն, Հայր Ռէպուար Պազա՝ Իրաքէն, Հայր Հերման Թանկույ՝ Կենդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութենէն, Հայր Մարթինօ Սերրանօ՝ Քոլոմպիայէն, Հայր Օլեքսանտր Խալային՝ Ուքրանիայէն։
Հայր Պազա խօսելով Իրաքի մասին, շեշտած է թէ կատարուածը պէտք է նկատուի  «ցեղասպանութիւն»։ «Մեր տուները բռնագրաւուեցան եւ անոնց վրայ դրոշմուեցաւ ᾿Ն᾿ տառը, ᾿Նազովրեցի᾿ անուանումին համար. մեր եկեղեցիները մզկիթներու վերածուեցան եւ կամ զօրանոցներու եւ նոյնիսկ այնպիսի վայրերու, ուր կիներ կը վաճառուին, կը բռնաբարուին, իբր գերի կը պահուին. Հաւատացեալներէն շատեր յարձակումի ենթարկուեցան եւ սպաննուեցան, կամ առեւանգուեցան եւ տանջուեցան ապա ազատագրուեցան մեծ փրկագինի վճարումով։ Մեզմէ շատեր սպաննուեցան միայն այն պատճառաւ՝ որ խաչը կը կրէին։ Լուրջ ծրագիր կայ ջնջելու այն ամէն ինչ, որ մեզ մեր երկրին  կը կապէ – մեր լեզուն, մեր կրօնական ինքնութիւնը, պաշտամունքի վայրերը, ստացուածքները, աւանդութիւնները, մշակոյթը, ծէսը, յուշակոթողները, ձեռագիրները»։
Այս տարուան Ռիմինիի «Միթինկ»ին պիտի կատարուին 106 բանախօսութիւններ, 14 բեմադրութիւններ, 17 ցուցահանդէսներ եւ 22 մարզական ներկայացումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.