2016-08-17 08:54:00

Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնը Զմմառու վանքին մէջ


Համայն Քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը տօնախմբէ Օգոստոս 15-ին: Իսկ Հայ Եկեղեցին Օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն 12-էն 18 Օգոստոսի միջեւ: Տօն մը որ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են և կը տօնուի ինը օրեր շարունակ և որուն ընթացքին շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն կ'ոգեկոչուի Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը:

Կիրակի 14 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, 
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը նորակառոյց ամփիթատրոնին մէջ Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցանեց: Այս առթիւ՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց դասը համապատարագեց Հոգեւոր Տիրոջ հետ: Իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ  Դոկտ. Էտի Թորիկեանի:

Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Առաջնորդներ, Գերապայծառ, Գերյարգելի Գերապատիւ Հայրեր և Արժանապատիւ քահանաներ, Զմմառու Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գեր. Հ. Միլատ Սքայէմ, Անարատ Յղութեան Հայ Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրեր, Ս. Միքայէլ, Երանելի Մալոյեան և Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի ուսանողներ, պաշտօնական հիւրեր, պետական անձնաւորութիւններ և երեսփոխաններ: Ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն ժամանած բիւրաւոր ուխտաւոր հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ ՀԿՄ Շեփորախումբը և Պատանեկան Միութիւնը և շրջանի գիւղերէն հայ և տեղացի հաւատացեալներ:

Իր պատգամի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ Ս. Կոյս Մարիամի հաւատքին մասին, ըսելով. «Աւետարանը Մարիամը կը յիշատակէ Յիսուսի կեանքի զանազան հանգրուաններուն: Աստուածածնի տօնը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեծագոյն յարգանքի, բարեպաշտական բիւրեղ զգացումի և հաւատքի արտայայտութիւն մըն է, որ կ'ընծայուի Աստուածամօր, որ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ, սնուցանեց մանուկ Աստուածորդին, դաստիարակեց և ընծայեց զայն աշխարհին՝ յանուն մարդկութեան որպէս փրկիչ և մարդացեալ Աստուածորդին: Սակայն Տիրամայրն ալ հաւատքին մէջ տարակոյսներ ունեցաւ, երբ իր Աստուածորդին կը հալածուէր և կը տառապէր ամէն մարդու նման: Տիրամայրն ալ հարց կու տար թէ. «Արդեօ՞ք Յիսուս ճշմարտապէս Աստուծոյ Որդին է»: Մարիամ ինք երբեմն տառակուսանքի մէջ կը գտնուէր. թէ արդեօ՞ք ինք կը կրէր Աստուածորդին իր մէջ: Սակայն հակառակ բոլոր տեսակի նեղութեանց, Մարիամ հաւատաց իր առաքելութեան: Ան փախաւ Եգիպտոս մանուկ Յիսուսին հետ միասին, ազատելու համար զայն Բեթղէհէմի մանուկներու ջարդէն: Մարիամ տառակուսանքի մէջ գտնուեցաւ նաեւ երբ Յիսուս 12 տարեկանին Երուսաղէմի մէջ կորսուեցաւ և սակայն երբ Յիսուսը գտաւ տաճարին մէջ, Մարիամ չկրցաւ իր ցաւը զսպել, որ Յիսուսի կորսուիլը երեք օր, զինքը անտանելի տագնապներու և կասկածներու մէջ թողած էր: Մարիամ տառակուսանքի մէջ գտնուեցաւ նաեւ երբ ականատես եղաւ թէ ինչպէս փարիսեցիներ կը քննադատէին Յիսուսը: Հակառակ այս բոլոր նեղութեանց և տառապանքին, Մարիամ շարունակեց ապրիլ հաւատքով լեցուն, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքով լեցուած էր և Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր մայր դառնալու Քրիստոսի և ապա համայն մարդկութեան: Քրիստոսի կեանքին վերջին հանգրուանին՝ Ս. Կոյսը կը տեսնենք Գողգոթայի բարձունքին վրայ, խաչին ստորոտը, ուր Յիսուս իր հոգին աւանդելէ առաջ իր մայրը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, ըսելով. «Ահա՛ քու Մայրդ» և մօրը դառնալով կ'ըսէ. «Ահա՛ քու որդիդ»: Այս ձեւով Տիրամայրը ինչպէս որ Մանուկ Յիսուսի մայրն եղաւ, նոյնպէս ալ Եկեղեցւոյ մայրն ու դաստիարակը եղաւ: Եկեղեցին զայն պանծացնելով՝ զայն որպէս Մայր և Աստուածածին հռչակեց: Իր քարոզի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրը խնդրեց բոլոր ներկաներէն որ յատուկ աղօթք կատարեն Հայրենիքի բարգաւաճման և բարօրութեան համար, որպէսզի այս դժուարին օրերը յաղթահարէ և նոր վերելք մը ապրի, տնտեսական թէ ընկերային գետնի վրայ: Նոյնպէս աղօթք բարձրացուց Լիբանանի համար, որ իր կարգին հայութեան երկրորդ հայրենիքը կը համարուի, խնդրելով որ համերաշխութիւն տիրէ այս ասպնջական հողին վրայ:

Սուրբ և Անմահ պատարագի աւարտին՝ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը Հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է: Եկեղեցին տարուան բոլոր պտուղներուն արգասիքներուն մէջէն խաղողը ընտրած է որպէսզի օրհնուի: Հոգեւոր Տէրը ընթերցելէ ետք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին աղօթքը, օրհնեց խաղողի ողկոյզներն ու ճիռերը, ըսելով.«Օրհնեսցի և սրբեսցի ողկոյզս և ճիռս խաղողոյս»: 

Այս աղօթքով Հոգեւոր Տէրը Աստուծոյ օրհնութիւնը կը խնդրէր խաղողի ողկոյզներուն և ճաշակողներուն համար, որպէսզի անոնք արժանի ըլլան մեղքի թողութեան և դառնան առողջ՝ հոգիով և մտքով: Կը խնդրէր որ օրհնուին նաեւ որթատունկերն ու այգիները, որոնցմէ կտրուեցան և բերուեցան խաղողի ողկոյզները: Պատարագի աւարտին Հոգեւոր Տէրը խօսք ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կռունկ» երգչախումբի ղեկավար Էդուարդ Թոռիկեանին, որ իր կեանքը նուիրած էր հայ Եկեղեցւոյ: Այս առթիւ Պրն. Թոռիկեան խորապէս յուզուած ընդունեց Զմմառու Տիրամօր պատկերը, առ ի նշան երախտագիտութեան և գնահատանքի: Ան խոստացաւ շարունակել Աստուծոյ իրեն շնորհած կորովով՝ հաւատարիմ մնալ այս նուիրական աշխատանքին և առաքելութեան: Օրուան հանդիսութեան աւարտին՝ հոգեւորական դասը, նախագահութեամբ Հոգեւոր Տիրոջ թափօրով մեկնեցան վանքի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյրի արարողութիւն, որու ընթացքին Հոգեւոր Տէրն ու Վարչական Հայրերը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքներն ու բարեմաղութիւնները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ագապ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, մասնակցութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, Վանքիս Վարչական Խորհուրդին, հիւր միաբան հայրերուն, դպրեվանքի ուսանողութեան, «Կռունկ» երգչախումբին, որու ընաթցքին բաժակաճառեր արտասանուեցան և խմբերգներ երգուեցան: Նոյն առթիւ՝ տօնուեցաւ նաեւ Պէյրութի Թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 18-րդ ամեակը, մաղթելով Մեծաւոր Հօր նորանոր նուաճումներ իր եկեղեցական առաքելութեան մէջ: Օրուայ խորհրդով լեցուած ու քաղցր և անմոռանալի յիշատակներով՝ հաւատացեալները Զմմառու վանքէն մեկնեցան, իրենց հետ տանելով Զմմառու Տիրամօր մայրական օրհնութիւնն ու օրհնուած խաղողը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.