2016-08-13 13:23:00

Սէր եւ Ծառայութիւն Վանականութիւն (Է)


Կրօնաւորական կեանքի նուիրումը կոչում է եւ առաքելութիւն։ Ան քրիստոնէական կեանքի յատուկ վիճակ մըն է, ուր անհատ մը մասնաւոր նուիրումով իր կեանքը կը տրամադրէ Աստուծոյ եւ ընկերի ծառայութեան։

Ոչ ամէն կրօնաւոր եւ ոչ ամէն կրօնաւորական հասարակութիւն կամ հաստատութիւն ունի միեւնոյն ապրելակերպը եւ առաքելութիւնը։

Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ, ըստ կրօնաւորներու ապրելակերպի եւ առաքելութեան, անհատներու եւ վանքերու տրուած են զանազան անուանումներ։ Այսպէս, պատմութեան մէջ կը յիշուին խոտաճարակք, մշտապաշտօնք, թանահատք, սիւնակեացք, դաշտականք, լեռնական, լեռնակեաց, անձաւամուտ, մենակեաց, միայնակեաց, միաբանակեաց, ծակախիթ, սորամուտ, խոտաբուտ, դարաբոս, արմատակեր, անապատաւոր, արգելական։

Այս յորջորջումներէն կը հետեւցնենք, թէ կային կրօնաւորներ, որոնց սնունդը կը կայանար լոկ խոտերու ճաշակման մէջ. ուրիշներ իրենց կեանքը կ’անցընէին աղօթքով եւ Աստուծոյ պաշտամունքով՝ ժամերգութեամբ եւ սաղմոսներով։ Դարձեալ այլ կրօնաւորներ հրաժարած էին ոչ միայն մսեղէն կերակուրներէ, այլ ընդհանրապէս անասնական արտադրանքներէ, եւ այդ ոչ միայն ուրբաթ եւ պահոց օրերը, ալյ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Այլ կրօնաւորներ իրենց կեանքը կ’անցընէին լեռներու վրայ, քարայրներու մէջ, ծակերու եւ փոսերու մէջ, ինչպէս կը տեսնենք “անձաւամուտ”, “ծակախիթ” եւ այլ բացատրութիւններէ։ Կրօնաւորներ կային, որոնք սիւներու վերեւի փոքր տարածութեան վրայ կ’ապրէին։

Այս քանի մը օրինակներէն կը տեսնենք, թէ ինչ ինչ հնարքներով, կրօնաւորներ իրենց վրայ միշտ զոհողութիւններու նորանոր ձեւեր կ’առնէին։ Կենցաղի այս բոլոր կերպերը ինքնանպատակ երեւոյթներ չէին, այլ միջոց սրբացումի, ապաշխարութեան, ամփոփ եւ ներանձնական կեանքի։

Նոյնպէս կրօնաւորներու բնակավայրերը ունէին յատուկ անուանումներ։ Մեր հոգեւոր մատենագրութեան մէջ կը յիշուին հետեւեալ բացատրութիւնները՝ “անապատ, վանք, ուխտ, ուխտ սուրբ, ուխտ սրբութեան, մենաստան, եղբայրանոց, կրօնաստան, կրօնաւորանոց, կրօնաւորաց օթեվան, կրօնաւորական կայան, միանձաւորաստան, միայնարան, առաքինարան, տուն կրօնաւորաց, տուն բնակութեան կուսակրօնից, տուն եւ կայան ուխտականաց, նուիրանոց ուխտի կրօնաւորական դասուց, սուրբ միայնանոց, աստուածապահ սրբարան, միաբանակեցաց վանք, արգելարան, վկայանոց, վկայարան։”

Երբեմն աշխարհագրական պայմաններն են, որ կու տան վայրի անունը, ինչպէս “անապատ” բացատրութիւնը, այլ պարագայի կրօնաւորական գաղափարականի արտայայտութիւնն է, երբ վայրը կ’անուանուի “ուխտ սրբութեան, առաքինարան, աստուածապահ սրբարան”։ Վերջապէս կրօնաւորական կեանքի ձեւն է, որ կու տայ վայրի որակումը, ինչպէս՝ “արգելարան, միայնանոց” եւն.։

Այս վկայութիւններէն կը տեսնուի, թէ որքան բազմազան էին կրօնաւորական կեանքի ձեւերը։ Կային որոշ կանոններ, հաստատուած սուրբ հայրերու կողմէ։ Այնտեղ երբեմն մանրամասնօրէն կարգաւորուած են կրօնաւորներու կամ վանականներու առօրեան. սակայն ըլլան անհատներ կամ հասարակութիւններ, ըստ պայմաններու, ըստ գաղափարականի կը հաստատէին իւրայատուկ ապրելակերպ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.