2016-08-09 08:05:00

Փաքիստանի մէջ Աստուածաշունչի մասին եռօրեայ դասընթացք։


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուծոյ խօսքը Փաքիստանի կաթողիկէ երիտասարդներուն կեանքին մէջ փարոս  է։ Այս հեռանկարով է որ անցեալ օրերուն Փաքիստանի` Հէյտէրապատի թեմին ներքոյ, Թեմին Երիտասարդութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ երիտասարդներու յատկացուած Աստուածաշունչի մասին եռօրեայ դասընթացք, զոր վառեց Սուրբ Գիրքի մասնագէտ` Թեմին երբեմնի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Էվարիսթ Փինթօ։ Ան 60 երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց Աստուծոյ Խօսքը կարդալու ու Անոր մասին խոկալու կարեւորութիւնը ու քաջալերեց երիտասարդները աւելիով սերտելու սուրբ գիրքը եւ ի գործ դնելու անոր ուսուցումները առօրեայ կեանքին մէջ։

Գերապայծառ Փինթօ ապա խորհրդածեց երիտասարդներու դերակատարութեան մասին` Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ու յատկապէս ''միսիոներական'' գործունէութիւններու ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.