2016-07-30 09:56:00

Հնդկաստանի մէջ շէնքի մը փլուզման պատճառով արձանագրուած է 9 զոհ


ԱՆԻ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի մէջ առնուազն ինը մարդ զոհուած է եւ աւելի քան տասը ուրիշներ վիրաւորուած են` շէնքի մը մասնակի փլուզման պատճառով:

Դէպքը տեղի ունեցած է Հնդկաստանի Փունա քաղաքէն ոչ հեռու:

Գործակալութեան տեղեկութեամբ` խօսքը կը վերաբերի կառուցուող շէնքի մը մասնակի փլուզման: Պատահարին պատճառները յայտնի չեն:

 Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.