2016-07-30 10:06:00

Լեհաստան - Ֆրանչիսկոս Պապին 30 Յուլիսի յայտագիրը` ''Ողորմութեան Օրը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Եթէ Ֆրանչիսկոս Պապին, Լեհաստան կատարած հովուական այցելութեան երրորդ օրը` ուրբաթ 29 յուլիսը յատկանշուեցաւ տառապանքի ու ցաւի մասին խորհրդածութիւնով, Շաբաթ 30 Յուլիս 2016-ի առանցքը կը կազմէ ''Աստուածային Ողորմութիւնը''։ Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը օրակարգը սկսաւ առաւօտեան կանուխէն` այցելութիւն տալով  Քրաքովիայի Լակիեվնիքի շրջանին մէջ գտնուող ''Աստուածային Ողորմութեան'' վանքին ու սրբավայրին ուր ապրած ու մեռած է Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքան` Աստուածային ողորմութեան սրբուհին, որուն դամբանը կը գտնուի վանքին մէջ։

Սրբավայր ժամանելուն Սրբազան Հայրը  դիմաւորուեցաւ ''Ողորմութեան Տիրամօր'' միաբանութեան Մեծաւորուհին կողմէ, ի ներկայութեան այլ հիւրերու եւ միաբանութեան անդամ 150 քոյրերու։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ այցելեց  սրբուհի Faustina Kowalska-ի` Սուրբ Յովսէփի անուան մատուռը, վայրը ուր սրբուհին յաճախ կ՛աղօթէր եւ ունեցած էր իր տեսիլները եւ ուր այսօր` մատրան  ձախ կողմը գտնուող խորանին վրայ, ''Աստուածային Ողորմութեան'' սրբապատկերին տակ զետեղուած են, Սրբուհիին մասունքները։

Նշենք թէ  ''Աստուածային Ողորմութեան'' սրբանկարը գծագրուած է նոյնինքն Յիսուսի խնդրանքով, երբ Ան, 1931- թուականին, երեւցաւ Սրբուհիի Ֆաուսթինային անորմէ խնդրելով որ այդ սրբանկարին տակ արձանագրուի նաեւ ''Յիսուս քեզի կը վստահիմ'' նախադասութիւնը եւ խոստանալով  որ բոլոր անոնք որոնք այդ սրբանկարին առջեւ ջերմեռանդութեամբ աղօթեն ու կատարեն ողորմութեան ներգործութիւններ առատ շնորհքներ պիտի ընդունին։

Առաջին Սրբանկարը գծագրուած է 1934-ին Էուճենիուշ Քազիմիրովսքիի կողմէ որ հետեւեցաւ Քոյր Ֆաութինայի տուած ուղղութիւններուն։  Թէեւ` Ատոլֆ Հիլայի, հետագային` 1944-ին գծագրած սրբանկարը աւելի տարածուած ու հռչակաւոր է այսօր։

Ողորմութեան Տիրամօր վանքին տուած այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ մօտակայ Աստուածային Ողորմութեան Սրբավայր, ուր Սրբավայրի պատշգամէն ողջոյնի խօսք ուղղեց ''Խոստովանանքի'' հրապարակին վրայ համախմբուած երիտասարդներուն, եւ ուր` հանդիպում ունեցաւ 5 փոքրիկ հիւանդներուն ու անոնց ծնողաց հետ։

Աստուածային Ողորմութեան Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անցք կատարեց Աստուածային Ողորմութեան Սուրբ Դռնէն ուր եւ ապա 7 երիտասարդներու ու մէկ քահանայի մը մատակարարեց ապաշխարութեան խորհուրդը։

Ողորմութեան Սրբավայրին տուած այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ նորակառոյց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբավայր ուր հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն  իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեհաստանի կղերական դասն ու ժառանգաւորները։

Նշենք թէ Սուրբ Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Քրաքովիայի Առաջնորդարանին մէջ` հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող 10 երիտասարդներու եւ այլ երկու Լեհ երիտասարդներու հետ միասին կը բաժնեկցի  կէսօրուայ ճաշը։ Մինչ Շաբաթ 30 Յուլիսի երեկոյեան 19,30-ին ''Ողորմութեան'' Քամփուսին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի աղօթքի հսկումը առ ի պատրաստութիւն Կիրակի օր առաւօտեան մատուցուելիք ԵՀՕ եզրափակիչ Սուրբ պատարագին որ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.