2016-07-30 09:49:00

«Հալէպի մէջ ապահով անցքերու հարցը ձգել ՄԱԿ-ին» կ՛ըսէ Տը Միսթուրա


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը պիտի սերտէ Հալէպի մէջ ապահով անցքերու վերաբերեալ Ռուսիոյ նախաձեռնութիւնը` նշելով. «Մենք սկզբունքով կը զօրակցինք Հալէպի մէջ ապահով անցքերու առաջարկին»:

Տը Միսթուրա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այդ անցքերուն վերաբերեալ պէտք է Ռուսիայէն մանրամասնութիւններ ստանալ` կոչ ուղղելով բարեփոխելու ռուսական առաջարկը` քաղաքայիններուն ապահով ելքը երաշխաւորելու համար:

«Մենք ռուսերուն առաջարկեցինք մարդասիրական միջանցքներ հաստատելու հարցը ձգել մեզի` նկատի ունենալով այդ մարզին մէջ մեր փորձառութիւնը», ըսաւ ան` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է սննդեղէն ապահովել անոնց, որոնք չեն ուզեր Հալէպէն դուրս գալ»:

Տը Միսթուրա նաեւ շեշտեց, որ քաղաքայիններուն պէտք է ազատութիւն տրուի ընտրելու այն վայրը, ուր կ՛ուզեն փոխադրուիլ` նշելով. «Մենք կարիքը ունինք Հալէպի մէջ գտնուող եւ անկէ դուրս եկող քաղաքայիններու պաշտպանութեան երաշխիքներու»:

Միւս կողմէ, ֆրանսական իշխանութիւնները նշեցին. «Հալէպի մէջ ապահով միջանցքներ ստեղծելու առաջարկը հաւաստի չէ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.