2016-07-29 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Քուպայի երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան)  Քրաքովիայի երիտսարդաց համաշխարհային հաւաքին զուգահեռ , յուլիս 28-էն 31,  Քուապայի երիտսարդները կազամկերպած են երիտասարդներու հաւաք եւ այս առթիւ     նամակ գրած էին Ֆրանչիսկոս Պապին,  ­ որուն մէջ յայտնած են ՝՝Հաւանայի մէջ  երիտասարդներու հաւաք կազմակերպեցինք՝   ունենալով Քրաքովիայի  Երիտասարդաց հաւաքի միեւնոյն նիւթերն ու յայտագիրը՝՝։

Այս նամակին ի պատասխան` Ֆրանչիսկոս Պապ 29 յուլիսին, Քուպայի երիտասարդներու յղեց պատկերասփռուած պատգամ մը, որուն մէջ ակնարկելով երիտասարդաց  համաշխարհային հաւաքի օրերուն, յայտնեց՝՝ այս օրերը բոլորին համար պիտի ըլլան առիթ՝ զարգացնելու համար հանդիպումի, յարգանքի, հասկացողութեան եւ փոխադարձ ներողամտութեան մշակոյթը՝՝, ապա  յորդորեց երիտասարդները՝ ուշադրութեամբ ունկնդրելու Աւետարանի խօսքը եւ զայն ապրելու  անձնական միջավայրի, ընտանեկան եւ բարեկամական կեանքէն ներս։

՝՝Գիտէք, որ Աւետարանը կը կերպարանափոխէ սիրտը։ Թոյլ տուէք կերպարանափոխուելու այն խօսքերէն , որ հոգի եւ կեանք են, ըսաւ Ֆրանչիսկսոս Պապը ապա անդրադարձաւ ճանապարհ խաչի բարեպաշտական աղօթքին յարելով  ''Խաչը հաստատ սէրն է՝ հաստատ կեանքի համար, այնքան մեծ սէր է , որ կարող է նոյնիսկ ներթափանցել մեր մեղքերուն մէջ, մեր թշուառութեան մէջ ՝ներելու համար մեղքերը եւ ամոքելու համար թշուառութիւնը''։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Հաղորդութեան վրայ երիտասարդներուն  ըսաւ,  ՝՝ընկերացէք սուրբ Հաղորդութեան , որովհետեւ Անոր եւ լոկ Անոր մէջ պիտի գտնէք ուժը՝ շարունակելու համար երջանկութեան ծրագիրը՝ ամենէն գեղեցիկը  մեր կեանքի։  Սէրը կառուցողական է , սէրը չի կործաներ­ ոչ իսկ կը կործանէ թշնամին, սէրը միշտ կը կառուցէ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց ''Ողորմութեան'' մատնանշելով Յիսուսին բաղձանքին երբ կ՛առաքէ զանոնք ըլլալու ողորմութեան անվախ վկաներ։ Յիշեցէք­ որ Մեր Վարդապետին ամենէ գեղեցիկ բաղձանքն է. Ըսաւ Քահանայապետը,  չի վախնալ ոչ մի բանէ՝՝։

Սիրելի երիտասարդներ ոչ մի բանէ վախցէք, եղէք ազատ՝ այս աշխարհի շղթաներէն­ եւ հռչակեցէք աւետարանը բոլորին՝ հիւանդներուն, ծերերուն, տխուր մարդոց, ըսելով անոնց որ եկեղեցին ձեր հետ միասին կ՛ ողբայ,  որ Յիսուս կարող է նոր կեանք տալ եւ յարուցել։

Ֆրնաչիսկսո Պապ  ապա մէջբերելով   Աստուծոյ  ծառայ Հայր Ֆելիքս Վարելայի խօսքը ՝՝Եղէք  հայրենիքին անոյշ յոյսը ՝՝ ըսաւ  ՝՝ Անոր խօսքերը ուղղուած են ձեզի ՝ ոչ  ինծի, որովհետեւ դուք հայրենիքին անոյշ յոյսն էք՝՝։

Նորին Սրբութիւնը ապա շարունակեց ըսելով ՝՝Յոյսի բեռնակիրները ըլլալու համար հրամայական է չի կորսնցնել երազելու կարողութիւնը.  ան որ կարողութիւն չունի երազելու,  ինքնիր  մէջ փակուած կը մնայ՝՝ ՝՝ մի վախնաք,  երազեցէք,   որ օր մը աշխարհը ձեր հետ տարբեր կը դառնայ, երազցեք, որ Քուպան ձեր հետ ամէն օր մը տարբեր կը դառնայ եւ աւելի լաւ կ՝ըլլայ  եւ  այս  յանձնառութեան մէջ կարեւոր է  ձեր սիրտն ու միտքը բանալ միշտ Յիսուսի տուած  Յոյսին յորդորեց Ֆրանիսկոս Պապ ընդգծելով թէ ''յոյսը գիտէ տառապիլ՝ ամբողջացնելու համար ծրագիր մը,  յոյսը  բերրի  է եւ կեանք կը պարգեւէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  պատկերասփռուած պատգամին աւարտին խրախուսեց երիտասարդները կամուրջներ կառուցելու, ''հոգ չէ եթէ դուք ատաղձագործ, երկաթագործ կամ  ճարտարապետներ չէք, դուք կրնաք  կարմուջներ կառուցել՝ խօսքով , յոյսով ու սրտով'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց երիտասարդները կառուցելու մարդկային կամուրջ մը, պատմութեան առաջին կամուրջը,  մէկը միւսին ձեռք ձեռքի տալով՝  աշխարհի վկայութիւն տալու համար թէ իրենք կ՝ուզեն միասնաբար կամուրջ կառուցել եւ միասնաբար աշխատիլ։

Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց Հաւանայի երիտասարդները սիրտով միանալու Քրաքովիայի  երիտասարդներուն ու միասնաբար ընթանալու, միշտ կամուրջներ կառուցելով։

Այս  ուղեւորութեան ընթացքին ձեզի պիտի  աջակցի   Սիրոյ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ 400 տարիներէ ի վեր կ՝ընկերանայ հաւատքին, յոյսի եւ բոլոր Քուապացիներու միջեւ կայացած  հանդիպումին ըսաւ  Ֆրանչիսկսո Պապ Քուպայի երիտասարդներուն ապահոցնելով իր աղօթքն ու մօտիկութիւնը, միեւնոյն ժամանակ անոնցմէ  խնդրելով  որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.