2016-07-29 19:30:00

ԵՀՕ Խաչի ճանապարհը. ''Ճանապարհ Խաչի – Ողորմութեան Ճանապարհ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 29 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Լեհաստան կատարած առաքելական այցելութիւնը եզրափակուեցաւ ԵՀՕ առթիւ կազմակերպուած երիտասարդներու ճանապարհ խաչիի արարողութեամբ որ տեղի ունեցաւ Քրաքովի ''Պլոնիա'' անուան տարածքին եւ որուն բնաբանն էր ''Ճանապարհ Խաչի – Ողորմութեան Ճանապարհ''։

Նշենք թէ Ճանապարհ Խաչիի 14 կայաններու ամէն մէկ կայանին խաչը շալկեցին զանազան կիրներէն ժամանած ընկերակցութիւններու անդամներ, որոնց շարքին` Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը, Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն մարմինը եւ Քալքութայի Մայր Թերեզայի գթութեան քոյրերու միաբանութիւնը։ Ապա ամէն մէկ կայան ունեցաւ ողորմութեան ներգործութեան մէկ դիտաւորութիւն,  ինչպէս հիւրընկալել ուխտաւորները, կերակրել անօթիները, մխիթարել վշտահարները, այցելել հիւանդները եւայլն...։

Ճանապարհ խաչի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակիչ պատգամ մը ուղղեց արարողութեան մասնակցող երիտասարդներուն ու պատգամը սկսաւ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածով ''Անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի` դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս, մերկ էի, զգեստաւորեցիք զիս, հիւանդ էի այցելեցիք զիս, բանտն էի, եկաք զիս տեսնելու (Մատթ 25, 35-36)

Յիսուսին այս բառերը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դէմ  յանդիման կը գտնուին մեր սրտին մէջ յաճախ հնչող այն հարցումին ''Ու՞ր է Աստուած''։ Աստուած ու՞ր է եթէ աշխարհին մէջ չարը գոյութիւն ունի, եթէ կան մարդիկ, անօթի, ծարաւ, տնանկ, գաղթական եւ փախստական։ Ու՞ր է Աստուած երբ անմեղ անձինք կը մեռնին բանութեան, ահաբեկչութեան ու պատերազմներու պատճառաւ։ Ու՞ր է Աստուած երբ  դաժան հիւանդութիւններ կը խլեն կեանքեր կամ երբ մանուկներ շահագործուած են եւ նուաստացումի ենթարկուած...կան հարցումներ որոնց համար մարդկային պատասխաններ չկան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նշեց թէ այս պարագային կարելի է միայն Յիսուսին նայիլ ու Անոր հարցնել, եւ Յիսուսի պատասխանը պիտի ըլլայ ''Աստուած անոնց մէջ է'' իրենց հետ կը տառապի, նոյնացած իւրաքանչիւրին հետ։ 

Խաչը կրելով Յիսուս արդարեւ կը կրէ մերկութիւնը, անօթութիւնը, ծարաւը, առանձնութիւնը, ու բոլոր ժամանակներու մարդկանց ցաւն ու մահը'' յարեց հուսկ Սրբազան Պապը   հաստատելով թէ այս գիշեր Յիսուս` ու մենք Անոր հետ միասին, յատուկ սիրով կ՛ողջագուրենք մեր Սուրիացի եղբայրները, որոնք փախուստ տուած են պատերազմէն։ 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մատնանշեց ողորմութեան ներգործութիւններու կարեւորութեան, ըլլան մարմնական կամ հոգեկան, որոնք մեզ կ՛օգնեն, ըսաւ Ան, հայցելու շնորհքը` հասկնալու թէ առանց ողորմութեան ոչ մէկ բան կարելի է։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ողորմութեան եօթը ներգործութիւններուն. կերակրել անօթիները, ջուր տալ ծարաւին, զգեստաւորել մերկը, հիւրընկալել ուխտաւորը, այցելել հիւանդները եւ բանտարկեալները ու թաղել մեռեալները։

''Ձրիութեամբ ընդունեցանք ու ձրիութեամբ պէտք ենք տալ'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ կանչուած ենք ծառայելու Խաչուած Յիսուսին որ կը գտնուի ամէն մէկ ''մեկուսացուած'' անձին մէջ։ Այնտեղ է որ կը գտնենք մեր Աստուածը ու կը դպչինք Անոր։ Եւ այս գործերուն համաձայն է որ պիտի դատուինք ''Ամէն անգամ որ այս մէկը ընէք իմ եղբայրներուս ամէնէն փոքրին ինծի ըրած կ՛ըլլաք''(Մատթ 25, 31-46)։

''Եթէ մէկը կ՛ըսէ թէ քրիստոնեայ է եւ չ՛ապրիր ծառայելու համար, չի ծառայեր կեանքին։ Այլ իր կեանքով Յիսուսը կ՛ուրանայ'' դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ ''Այսօր մարդկութիւնը կարիքը ունի մարդոց եւ կիներու ու յատկապէս երիտասարդներու որոնք իրենց կեանքը կիսատ չեն ուզէր ապրիլ, երիտասարդներ որոնք պատրաստ են իրենց կեանքը նուիրելու աւելի տկար ու աղքատ եղբայրներու ծառայութեան, Քրիստոսի նմանութեամբ` որ իր կեանքը պարգեւեց մեր փրկութեան համար, ըսաւ Քահանայապետը ու երիտասարդները հրաւիրեց հետեւելու Խաչի ճանապարհին, համապատասխանելու Քրիստոսի կոչին ու դառնալու Անոր ողորմած սիրող նշանները։

Խաչի ճանապարհը, Քրիստոսի հետեւելու երջանկութեան ճանապարհն է, ճանապարհ որ վախ չունի անյաջողութիւններէն, մեկուսացումէն կամ առանձնութենէն։ Խաչի ճանապարհը միակն է որ կարող է յաղթել մեղքին, չարին ու մահուան, որովհետեւ կը յայտնուի Քրիստոսի Յարութեան լոյսի պայծառութեան մէջ, բանալով նոր կեանքի հորիզոններ. Ան ճանապարհն է յոյսի եւ ապագային, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց անդրադառնալով Աւագ Ուրբաթ օրուայ երեկոյեան, երբ բազմաթիւ աշակերտներ տուն կը վերադառնան տխուր, մինչ ուրիշներ կ՛ուզեն մոռնալ խաչը, ապա հարց տուաւ. ''Դուք ինչպէ՞ս կ՛ուզէք վերադառնալ ձեր տուները, ի՞նչ է ձեր ընտրանքը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց որ որ ամէն մին պատասխան տայ այս հարցումի մարտահրաւէրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.