2016-07-26 12:58:00

Տառապողներու երանութիւ՞ն մը


Աւետարանական յարակարծութիւնը այն է որ Հին Կտակարանին մէջ տառապանքը իբրեւ անէծք մը նկատուած է, արդեօք Նոր Կտակարանին մէջ կրնա՞յ երանութիւն մը դառնալ: Ի՞նչ իմաստով:

Տառապանքը եւ հիւանդութիւնը իրենք իրենց մէջ կը մնան ժխտական իրականութիւններ, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ եւ կարելի եղածին չափ պայքարիլ անոնց դէմ, սակայն դրական նշանակութիւն մը կը ստանան երբ մաս կը կազմեն փրկագործական խորհուրդի պատմութեան:

Յիսուս ըսաւ.- «Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն» (Մտթ. 5,4):  Բայց ի՞նչ տեսակ մխիթարութիւն, ի՞նչ տեսակ դրական իմաստ կ՛ընծայէ Յիսուս տառապողներուն: Յիսուսի պատասխանը բաղդատելու չէ մարդկային մխիթարանքի բառերու հետ, ոչ ալ կը սահմանափակուի հրաշագործ բժշկութեան մը կարելիութեան: Քրիստոս մեր մէջ կը ներգործէ «Իր մխիթարիչ Հոգիին զօրութեամբ», հաղորդելով իր խաչին փրկագործ ոյժը, ուր տկարութեան պահուն ցոյց տուաւ իր զօրութիւնը, եւ խոնարհութեան պահուն՝ իր մեսիական մեծութիւնը: Քրիստոս փրկիչ է, ոչ որովհետեւ անմիջական եւ ժամանակաւոր լուծում կու տայ, թէեւ կրնայ այս յատուկ օգնութիւնները պարգեւել. այլ փրկիչ է, որովհետեւ մեր կեանքի իմաստին ամբողջական պատասխանը կը դառնայ, նաեւ տառապանքին մէջ: Յիշենք Ս. Պօղոսի երջանկաւէտ վստահութիւնը. «Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը» (Հռ. 8,35): Քրիստոնեային համար երկրաւոր պարագաները Աստուծոյ հետ հաղորդութեան արժէքին նկատմամբ երկրորդական են, եւ կրնան շնորհքի առիթներու վերածուիլ: Տառապող անձը երբ քրիստոնէական հաւատքով աղօթէ Հօր Աստուծոյ, իրազեկ պիտի ըլլայ թէ իր տառապանքը զինք պիտի առաջնորդէ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ Աստուծոյ: Յիսուս եւս աղօթեց տառապանքի ժամը հեռացնելու համար.- «Հայր, Հայր, Քեզի համար ամէն ինչ կարելի է: Այս բաժակը հեռացուր ինծմէ», սակայն շարունակեց ըսելով. «բայց ո՛չ ինչպէս որ ես կ՛ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՛ուզես» (Մրկ. 14,36):

Վստահ ենք որ մեր պաղատանքը միշտ լսելի պիտի ըլլայ, թէ Տէրը միշտ պիտի մխիթարէ մեզ, պայմանով որ միշտ պատրաստ ըլլանք Իր կեանքի խորհրդաւոր ծրագրին, ինչպէս որ Հայրը լսեց Քրիստոսի խնդրանքը Գեթսեմանիի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.