2016-07-25 14:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քրաքովիայի ''Գովեալ Ըլլաս''-ի մասին խորհրդաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 25 Յուլիս 2016-ին, երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուան նուիրուած` Քրաքովիայի Եակելլոնիքա համալսարանին մէջ կայացած, Ֆրանչիսկոս Պապին ''Գովեալ Ըլլաս'' շրջաբերական թուղթին հայող խորհրդաժողովին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան միջոցաւ, պատգամ մը յղած է խորհրդաժողովի մասնակիցներուն որուն մէջ յորդորած է ''պատրաստ ըլլալ ընբռնելու մարդկութեան ուղեւորութեան ընկերացող կործանումի եւ մահուան նշանները, ներգրաւելով իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը, որպէսզի տնտեսական համակարգը միայն չի շահագործէ բնական կենսամիջոցներն ու մարդ էակը  այլ զարգացնէ ամէն անձի լիարժէք իրականացումը եւ իսկական յառաջդիմութիւնը''։

Վերոնշեալ խորհրդաժողովը որուն նիւթն է ''Ամբողջական բնապահպանութիւն. Գովելա ըլլաս – Երիտասարդներ փոփոխութեան դերակատարներ'', կազմակերպուած է Իտալացի եւ լեհ Բնապահպանութեան նախարարութիւններու, Քրաքովիայի Յովհանէս Պօղոս Բ-ի անուան համալսարանի, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հիմնադրամի , Մոնաքոյի ''Ալպերթօ Բ իշխան'' հիմնադրամի եւ Քրաքովիայի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն կազմակերպիչ Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ։

''Այս ձեռնարկը կ՛օժանդակէ խորհելու միասնական պատասխանատուութեան մասին, որպէս` Աստուծոյ ծրագիրին մէջ պարունակուած արարչութեան պահապաններ'' գրած է Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ճիվիչ։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց Ստեղծագործութիւնը նկատել որպէս սքանչելի պարգեւ մը որ պէտք է դրուի ի սպաս  բոլորին բարիքին''։ Այս առընչութեամբ Քահանայապետը կոչ ուղղեց մեր առօրեային մէջ փոխելու մեր սովորութիւնները, նուազեցնելու մսխումները ''այն գիտակցութեամբ որ նոյնիսկ ամենափոքր ժեստերը կարող են ապահովել կայունութիւնը եւ մարդկային ընտանիքի ապագան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.