2016-07-24 12:36:00

Ֆրանչիկսոս Պապին աղօթքը ահաբեկչութեան զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 24 Յուլիս 2016-ին Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով վերջին օրերուն աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքներուն ըսաւ «այս ժամերուն մեր սրտերը տակաւին ցնցուած են այդ տխուր լուրերէն որոնք կը հային ողորմելի ահաբեկչական եւ բռնարար արարքներուն որոնք ցաւ ու մահ պատճառեցին։ Կը մտածեմ Գերմանիոյ Մոնաքոյի եւ Աֆղանիստանի Քապուլի մէջ ողբերգական իրադարձութիւններուն ուր բազմաթիւ անմեղ անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Մօտիկ եմ վիրաւորներու եւ զոհերու ընտանիքներուն ու կը հրաւիրեմ միանալու իմ աղօթքիս որպէսզի  Տէրը բոլորին ներշնչէ բարիի եւ եղբայրութեան դիտաւորութիւններ»։

«Այնքան որքան անյաղթելի կը թուին դժուարութիւնները եւ անհասկնալի կը համարուին ապահովութեան եւ խաղաղութեան հեռանկարները այնքան աւելի զօրեղ եւ հաստատակամ դառնալու է մեր աղօթքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու բոլոր զոհերու դիտաւորութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.