2016-07-24 11:48:00

Կարդինալ Թոռան. Երկխօսութեան եւ հանդիպումի մշակոյթէն դուրս ոչ մէկ այլընտրանք կայ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Երկխօսութեան եւ հանդիպումի մշակոյթի դաստիարակութիւնէն դուրս ոչ մէկ այլընտրանք կայ յաղթահարելու համար ատելութիւնն ու ահաբեկչութիւնը'' յայտնած է Միջ Կրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը, մեկնաբանելով ահաբեկչական արարքները­, որոնք կը յուզեն աշխարհը եւ կը յեղաշրջեն բազմաթիւ մարդոց առօրեան։

Անհրաժեշտ է դաստիարակութիւնը­, ըսած է Կարդինալ Թոռան­, սկսեալ ընտանիքի յարկէն ներս ուր ծնողները պէտք է զաւակները դաստիարակեն յարգել տարեցները եւ ուսումնասիրել պատմութիւնը...հարկ է ապա մշակել հանդիպումի նոր փիլիսոփայութիւն մը. Կարելի չէ երջանիկ ըլլալ առանց ուրիշներու ներկայութեան, նշած է ապա Կարդինալ Թոռան զգուշացնելով այն վտանգէն` երբ ցաւը կամ ըմբոստութիւնը տեղ տան ատելութեան։ Հարկաւոր է որ իրար զիրար օգնենք ունկնդրելու համար Յիսուսի ձայնը որ մեզ կը հրաւիրէ իրեն երթալու։ Արդ, ընդգծած է, Միջ Կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը, հրատապ է նոր սերունդին պատշաճ դաստիարակութիւն ջամբել ու հասկցնել  թէ մեզմէ տարբեր անձերը­` այլ կրօնի կամ ցեղի պատկան, մեր թշնամիները չեն։ Ամէնքս Աստուծոյ ստեղծագործութիւններն ենք եւ ամէնքս Անորմէ ընդունեցանք արտակարգ պարգեւներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.