2016-07-24 13:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Քրաքովիա կը մեկնիմ երիտասարդներուն հետ հանդիպելու համար»


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 24 Յուլիս 2016-ին Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները յայտնեց թէ այս օրերուն բազմաթիւ երիտասարդներ, աշխարհի զանազան վայրերէն, կ՛ընթանան դէպի Քրաքովիա, ուր տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրը։ Ես ալ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր կը մեկնիմ հանդիպելու համար երիտասարդ երիտասարդուհիներուն ու անոնց հետ տօնախմբելու Ողորմութեան Յոբելեանը,Սուրբ  Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բարեխօսութեամբ։ Կը խնդրեմ որ մեզի ընկերանաք աղօթքով։ Այժմէն իսկ կ՛ողջունեմ ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք կ՛աշխատին ընդունելու երիտասարդ ուխտաւորները, բազմաթիւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու հետ միասին։  Յատուկ մտածում մը կը յղեմ երիտասարդներու տարեկիցներուն որոնք չկարենալով անձնապէս ներկայ գտնուիլ, միջոցառումին պիտի հետեւին լրատուամիջոցներու միջոցաւ։ Բոլորս ալ միացած պիտի ըլլանք աղօթքի մէջ»։ Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլոր հաւատացեալներուն մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.