2016-07-23 13:09:00

Վենեզուէլլայի լուրերուն հայող Հայր Լոմպարտիին լրագրողներուն տուած պատասխանը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ին՝ երեկոյեան , Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն  մը,  որուն մէջ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի՝  պատասխանելով Վենեզուէլլայի  մէջ տարածուած  տեղեկութիւններուն ըստ որոնց Վենեզուէլլայի կառավարութիւնն ու ընդիմադիր ուժերը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են  ընդունելու Վատիկանի միջամտութիւնը երկու կողմերու միջեւ երկխօսութեան հաստատումին համար Հայր Լոմպարտին լրագրողներու յայտնեց. ՝՝Ինչպէս  յայտնի է՝  անցեալին մէջ,   Սուրբ Աթոռը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է երկխօսութեան իր նպաստը բերելու՝ այն  պարագային երբ կան անոր նախադրեալները։  Մինչեւ՝  ցայսօր ,  ոչ մէկ պաշտօնական խնդրանք հասած է՝  ըլլայ Պապական նուիրակութեան   ըլլալ Վատիկանի  Պետական Քարտուղարութեան՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.