Յուլիս 24-ին Նկարիչներու միութեան մէջ կը բացուի յորդանանցի Ռամի Իսսեռի լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ան պարզապէս սիրահարուած է հայկական խաչքարերուն: Իսսեռի` Հայաստան առաջին այցելութենէն ետք մօտ մէկ տարի անցած է: Այս ընթացքին հասցուցած է բազմահազար լուսանկարներ առնել: Ատոնցմէ մաս մը միայն կը ներկայացուի Հայաստանի, ապա արտերկրի մէջ:
Ռամի Իսսեռ իր 18 հազար լուսանկարներէն ընտրած է 40-ը` ցուցահանդէսին ներկայացնելու համար: Անցեալ գարնան որպէս զբօսաշրջիկ Հայաստան եկած Իսսեռ առաջին օրը յայտնաբերեց հետաքրքիր նախշերով ցայտաղբիւր մը:
«Երբ ես սկսայ տարբեր կողմերէն լուսանկարել ցայտաղբիւրը, մարդիկ զարմացած ինծի կը նայէին: Յետոյ իմացայ, որ Հայաստանի մէջ այդպիսի խաչքարեր շատ ու ամէնուր կան, իսկ ես կը կարծէի, թէ այն միակն է»,- կը պատմէ Ռամի Իսսեռը:
Յորդանանցի դրամավարը լուսանկարչութեամբ կը զբաղուի առօրեայէն կտրուելու, հանգստանալու համար: Հայաստանեան թեմայով այս Ռամիի առաջին ցուցահանդէսը չէ:
«Լոյսեր Երեւանէն» շարքը արդէն ներկայացուցած է շարք մը երկիրներու մէջ: Հայաստան այցելութեան ընթացքին Ռամին կը շրջի մարզերով ու կը լուսանկարէ խաչքարերը: Տեսած է` ինչպէս ատոնք կը պատրաստուին, լսած` ինչ նշանակութիւն ունին: Մահմետական լուսանկարիչը խաչքարին մէջ մարդու փրկութեան խորհուրդը կը տեսնէ:
«Ես խաչքարը քանի մը մասի կը բաժնեմ` թագը, գլուխը, մարմինը եւ հիմքը: Կեդրոնին մէջ քանդակուած խաչը սիրտն է: Վերի հատուածը դրախտը, կեդրոնական մասը մարդու երկրային կեանքն է: Մահէն յետոյ արդէն վերեւ` դրախտ կը բարձրանայ: Խաչքարի պատրաստումը աղօթք է: Քանդակագործը այդպէս կապ կը ստեղծէ, կը շփուի Աստուծոյ հետ»,- yerkirmedia.am-ի փոխանցմամբ` կը մեկնաբանէ Ռամի Իսսեռ:
Ռամին կ’ըսէ, որ լուսանկարած է Հայաստանի խաչքարերու 80 տոկոսը: Հիացած է Նորադուսի խաչքարերով: Կը նախատեսուի հայաստանեան ցուցադրութենէն յետոյ լուսնկարները ներկայացնել նաեւ Տուպայի, Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կը ցանկայ, որ զբօսաշրջիկները Արարատին նայելէն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան այցելելէն եւ ծիրանը ճաշակելէն բացի Հայաստան գան նաեւ խաչքարեր տեսնելու համար:
«Խաչքարերը եւս անցած են ցեղասպանութեան ճանապարհ: Ատոնք ոչնչացուած են Ատրպէյճանի մէջ, աւելի առաջ` Թուրքիոյ մէջ: Խաչքարը պէտք է բանտարկուած չմնայ, այլ դուրս գայ Հայաստանի սահմաններէն: Այն պէտք է ներկայացուի ընկերային ցանցերու մէջ, գիրքերու, հեռուստատեսութեամբ, դպրոցներէն ներս»,- կ’ըսէ Ռամի Իսսեռ:
«Խաչքարի մը պատմութիւն» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը կը բացուի Յուլիս 24-ին Նկարիչներու միութեան մէջ եւ կը գործէ մինչեւ Յուլիս 25` ժամը 16:ը, Հարցին, թէ բարեգործական ի՞նչ նպատակի պիտի ուղղուի հասոյթը, յորդանանացի լուսանկարիչը կը լռէ. իրենց մօտ ընդունուած չէ բարեգործութեան մասին խօսիլը: Միայն վայրը կը նշէ` Գիւմրի:
All the contents on this site are copyrighted ©. |