2016-07-08 11:49:00

Կարդինալ Սանտրիի հաշուեկշիռը Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան ճամբորդութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հասարակութիւն մը որուն պատմութիւնը խեղաթիւրուած ու յատկանշուած է մարտիրոսութեամբ եւ որ հազար խոչընդոտներու հանդերձ այսօր եւս կը վկայէ իր հաւատքը, յատկապէս եղբայրսիրութեան միջոցաւ''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ Վատիկանեան օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան։

Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի առթիւ` 12 ապրիլ 2015-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած ս. պատարագէն ետք որոշ ներդաշնակութիւն մը ի յայտ եկաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Հայ ազգին միջեւ եւ այդ երեք օրերու ընթացքին համայն հայ ժողովուրդը Քահանայապետին ցուցաբերեց յարգանք, ջերմութիւն, մտերմութիւն ու մօտիկութիւն։ Միւս կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապը արդեն անմիջական շփումներ ունեցած է Հայ առաքելական ու կաթողիկէ եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ, երբ ան տակաւին Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսն էր, ըսաւ միշտ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը, ապա լուսարձակի տակ առաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու Հայ առաքելական եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական ու եղբայրական կապերը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, յատկապէս 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, մասնաւորապէս նշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նուէրը` Աշոցքի հիւանդանոցը։

Ծիրանաւորը ապա հաստատեց թէ Հայ Ժողովուրդը իր իւրայատուկ ինքնութիւնը կը գտնէ իր նոյնինքն էութեան մէջ` քրիստոնէական հաւատքի ու անոր վկայութեան մէջ, մարտիրոսութեան մէջ ու յատկապէս Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ Սրբազան Քահանայապետի այցը Հայաստան ուրիշ բան չէր եթէ ոչ այդ հաւատքի մէջ անոնց վերահաստատումը ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր սիրոյ ու բարեկամութեան  վկայութիւն հանդէպ տառապող Հայ ժողովուրդին, զանոնք քաջալերելու յառաջ ընթանալ հաւատքի վկայութեան մէջ ապագային նայելով յոյսի աչքերով։

Կարդինալ Սանտրի ակնարկելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ կաթողիկոսին  Խոր Վիրապի մէջ` Արարատի դիմաց, խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու աղաւնիները ազատ արձակելուն, մաղթանք յայտնեց որ համայն հայ ժողովուրդը կարենայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ։

Կարդինալ Սանտրի զրոյցի ընթացքին ակնարկեց ապա Սրբազան Քահանայապետին Սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին Վրաստան եւ Ատրպէյճան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան, որոնք տակաւին կը շարունակուին հալածուիլ ու հարստահարուիլ ու կը ստիպուին թողուլ տեղ, տուն եւ ինչքեր աւելի ապահով վայրեր փոխադրուելու համար ու յաճախ դիմելով գաղթականութեան ճամբուն, այնպէս որ Միջին Արեւելքը կամաց կամաց սկսած է պարպուիլ ու քրիստոնեաներու ներկայութիւնը այդ հողերէն հետզհետէ նուազիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.