2016-07-04 10:27:00

Միջազգային Քարիթասի քարոզարշաւ ''Սուրիա. Խաղաղութիւնը կարելի է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 5 Յուլիս 2016-ին սկիզբ կ՛առնէ ''Սուրիա. Խաղաղութիւնը կարելի է''  խորագիրով Միջազգային Քարիթասի քարոզարշաւը որուն նպատակն է ի յայտ դնել Սուրիոյ 5 տարուայ պատերազմի հետեւանքով մարդկայնական տագնապը ու այդ առընչութեամբ Քարիթասի սատարն ու օժանդակութիւնը որ կը նկատուի Քարիթասի ձեռնարկած շտապ օգնութեան աշխարհի ամենամեծ ծրագիրը։ Քարիթասը արդարեւ կ՛երաշխաւորէ ուտեստեղէն, առողջապահական խնամք, դաստիարակութիւն, ապաստան, կենսական պիտոյքներ, հոգեբանական խնամք, պաշտպանութիւն ու կեցութեան միջոցներ ըլլայ Սուրիոյ մէջ ըլլայ գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն մէջ։

Միայն անցեալ տարի շրջանի տեղական քարիթասները օգնութեան հասած են 1,3 միլիոն անձերու։

Վերոնշեալ քարոզարշաւի առթիւ կը նախատեսուի Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.