2016-06-15 14:06:00

Իրաքցի երիտասարդներ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեցին Ֆութպոլի գնդակ ու խմբային լուսանկար մը


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին, Թուրքիա կատարած երկորեայ այցելութենէն ետք Վատիկան վերադարձին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին փոխանացեց Իրաքցի գաղթական երիտասարդներուն կողմէ ստորագրուած Ֆութպոլի գնդակ մը եւ երիտասարդներու խմբային լուսանկար մը։

Կարդինալ Սանտրին, Թուրքիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, այցելութիւն կատարեց Իսթանպուլի մէջ Սալեզեան միաբանութեան հոգածութեան տակ գտնուող գաղթականներուն։

Գաղթական մանուկներուն ու երիտասարդներուն հետ հանդիպումին ընաթցիքն, երիտասարդները մասնաւոր կերպով խնդրած են ծիրանաւորէն՝ որ իրենց յատուկ ողջոյնները փոխանցէ Սրբազան Պապին, ու որպէս յիշատակ ծիրանաւորին տուած են յիշեալ Ֆութպոլի գնդակը եւ լուսանկարը։

Կարդինալ Սանտրի, Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ուենցած է կրօնական զանազան հասարակութիւններու հետ, որոնց շարքին Ֆրանչիսկեաններուն եւ Սիրտ Յիսուսի միսոնարներուն հետ, որոնք Պույուքատա կղզիին մէջ կը մատակարարեն հոգեւոր եւ բարեսիրական կեդրոն մը։

Ֆանարի մէջ անցեալ շաբաթ օր, ծիրանաւորը իր մասնկացութիւնը բերաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, որուն նախագահած է Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքը, եւ որուն ներկայ գտնուած էին նաեւ Օրթոտոքս զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիէն՝ յանձին Նովկորոտ քաղաքի Մետրապոլիտին, որ արարողութեան ընաթցքին ընթերցեց Քիրիլ Պատրիարքին պատգամը։

Իր կարգին կարդինալ Սանտրին, Բարթողիմէոս Պատրիարքին փոխացնեց, Ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան ողջոյնը, ապահովցնելով Սրբազան Հօր աղօթքը՝ Տիզերական Պատրիարքին, Կ. Պոլսոյ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ յառաջիկային կատարուելիք համա-օրթոտոքս սիւնհոդոսին համար։

Նշենք թէ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչը, Բարթողիմէոս Պատրիարքին նուիրեց Ողորմութեան Սուրբ Տարուան արծաթէ յիշատակի մետալ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.