2016-05-31 12:56:00

Իրաք -Պատրիարք Սաքօ ''Ռամատանը եւ ողորմութեան Սուրբ Տարին առիթ է խաղաղութեան՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 29 մայիս 2016-ին, Իրաքի մէջ կայացող Իրաքի , Սուրիոյ եւ համայն Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս  աղօթքի ձեռնարկին ընթացքին Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայել Սաքօ  ուղղեց պատգամ մը որուն  նշեց, թէ Ողորմութեան Սուրբ Տարին եւ մահմետականներուն Ռամատանին ծոմապահութեան շրջանը առիթ կը հանդիսանայ ընտրելու այն ուղին զոր կ՝առաջնոդէ դէպի խաղաղութիւն , համերաշխութիւն ինչպէս նաեւ դէպի վստահութեան մթնոլորտ։։  

Պատգամին մէջ Պատրիարք Սաքօն յորդոր ուղղած է կրօնապետերուն միացնելու իրենց ուժերը տարածելու համար  հանդուրժողականութեան մշակոյթը, հզօրացնելու  ազգային պատկանելիութեան արժանիքները եւ կանխարգիլելու ծայրայեղականութիւնը։

Նշենք, թէ  Թագուհի վարդարանի եկեղեցւոյ մէջ կայացած միջկրօնային բնոյթ ունեցող արարողութեամբ փակումը կատարուեցաւ Տիրամօր նուիրած մայիս ամսոյն , որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քրիստոնեայ սուննին, շիիթ , եազիտի սապեհ համայնքներու պատկանող կրօնապետեր եւ հաւատացեալներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.