2016-05-31 09:50:00

Դեսպան Միքայէլ Մինասեան. Հռոմի Պապը կը գտնէ այն Հայաստանը, որ կը նայի դէպի ապագան։


«Ռատիօ Վատիկան» ռատիոկայանի հայկական ծրագիրը անցեալ կիրակի նշած է իր ստեղծման 50-ամեակը. 1966 թուականի Մայիս 29-ին հեռարձակուեցաւ հայերէնով առաջին հաղորդումը` կարդինալ Գրիգոր Պետրոս XV Աղաճանեանի շնորհիւ: Այս տարիներուն այն ողջ աշխարհի հայերուն կը հասցնէ Աստուծոյ խօսքը, անգամ այնտեղ, ուր այն արգիլուած  եղած է, ինչպէս համայնավար երկիրներուն մէջ:

Կը պատրաստուի Հռոմի պապի յառաջիկայ այցը Հայաստան, որ տեղի կ’ունենայ Յունիս 24-26: Հայկական ծրագիրի պատասխանատու Ռոպերթ Աթթարեան այդ այցի ակնկալիքներուն վերաբերեալ զրուցեց Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք դեսպան` Տիար Միքայէլ Մինասեանի հետ:

Միքայէլ Մինասեան նշած է, որ ոչ միայն Հայաստան ապրող, այլեւ աշխարհասփիւռ հայերը մեծ ուրախութիւն կը զգան Հռոմի Պապի այդքան սպասուած այցին առթիւ, որ պիտի կայանայ Յունիսի վերջը:

Ան նշած է, որ ողջ հայ ժողովուրդը անհամբերութեամբ կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապի այցը` իր խորին յարգանքը եւ երախտիքը յայտնելու այն ջերմ վերաբերմունքին համար, որ մշտապէս ցոյց  տուած է Պապը հայ ժողովուրդին հանդէպ:

-Ինչպիսի՞ Հայաստան պիտի գտնէ Պապը:

-Այսօր Հայաստան երիտասարդ եւ տինամիկ պետութիւն է, որ այս տարի կը նշէ Խորհրդային Միութենէն անկախութեան 25-ամեակը: Երիտասարդ` որպէս պետութիւն, բայց հնագոյն պատմութեամբ, որուն Հայաստան կ’առերեսուի վստահութեամբ եւ որուն վրայ կը կառուցէ իր ինքնութեան ուժը, որն այնքան անհրաժեշտ է այսօրուան համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ: Պապը կը գտնէ Հայաստան, որ կը նայի ապագային, Հայաստան, որ կը փորձէ յաղթահարել ծրագրային տնտեսութեան բարդ ժառանգութիւնը եւ շեշտը կը դնէ արուեստաբանութիւններու վրայ` կեդրոնանալով կրթութեան վրայ: Հայաստան, որ անցեալի մէջ կրելով բազում ցաւեր, կը ցանկայ եւ կը ձգտի խաղաղութեան, յատկապէս` մեր տարածաշրջանին մէջ:

 

-Ինչպիսի՞ն է աշխարհաքաղաքական իրավիճակը այսօր տարածաշրջանին մէջ:

-Իմ վերջին խօսքս կը վերաբերէր հէնց իրավիճակին տարածաշրջանին մէջ, ուր կ’ապրինք: Այն, ինչ շատ տարիներ առաջ կը համարուէր վատագոյն մղձաւանջ, այսօր, ցաւօք, դարձած է իրականութիւն: Հայաստան կը բախուի  շարք մը մարդկային աղէտներու, որոնք ի յայտ  եկած են Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի տարածաշրջաններուն մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ տարիներ շարունակ ապրած է 1994 թուականին հաստատուած հրադադարի խախտումներու ողբերգութիւնը, յարձակման  ենթարկուած է­, միջազգային հանրութեան լռութեան ֆօնին : Դրուագները, որոնց մենք ականատես եղանք, ցաւօք, չեն կրնար չյիշեցնել մեր բնակչութեան 100 տարի առաջ Անատոլիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին, խօսքս կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, կամ այն ամէնուն, ինչ դեռ այսօր կը շարունակէ տեղի ունենալ Միջին Արեւելքի անհետացման եզրին գտնուող քրիստոնեայ համայնքներուն հետ: Հայաստան վերջին տարիներուն նաեւ իր հողին վրայ ընդունած է քրիստոնեայ սուրիացիներու` մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ: Քրիստոնեայ աշխարհին հետ համերաշխութիւնը եւ մեր երկիրներուն մէջ խաղաղութիւնը այն հարցերն են, որոնք կը քննարկուին Հռոմի պապին հետ անոր` Հայաստան այցի ընթացքին, եւ միասին աղօթք կը հնչեցուի աւելի լաւ աշխարհ ունենալու յստակ յանձնառութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.