2016-05-31 13:23:00

Մոսկուայի մԷջ մեկնարկեց Առնօ Բաբաջանեանի 95-ամեակին նուիրուած համերգաշարը


Մայիս 28-ին Մոսկուայի մէջ մեկնարկեց հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ’ապրիմ» խորագիրով համերգաշարը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն։

Ձեռնարկին հնչած են Առնօ Բաբաջանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները` Հայաստանի եւ Ռուսաստանի էսդրատայի մեներգիչներու եւ երաժշտական խումբերու կատարմամբ:

Համերգի բացման իր խօսքին մէջ ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեգ Եսայեան նշեց, որ մեծանուն հայ երգահանի ձգած երաժշտական ժառանգութիւնը ինչպէս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ, այնպէս ալ ողջ յետխորհրդային տարածքին մէջ առ այսօր անտարբեր չէ ձգած եւ ոչ մէկուն: «Առնօ Բաբաջանեանն այն մեծութիւնն է, որին գնահատում եւ սիրում են հաւասարաչափ եւ՛ իր հայրենիքում, եւ՛ դրա սահմաններից դուրս, որովհետեւ նրա արուեստը, արտացոլելով հայկական ոգին եւ շունչը, եղել եւ մնում է համամարդկային», – ընդգծեց դեսպան Եսայեան: Դեսպանը նաեւ խորհրդանշական անուանեց համերգաշարի մեկնարկի համընկնումը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան հետ, քանի որ պետութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւն է ազգի մշակութային ժառանգութիւնը ու ներուժը տնօրինելու եւ միւս ժողովուրդներուն այն մատուցելու համար:

Ըստ ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանին` որպէս բացառիկ երաժիշտ եւ իր գործին մեծ նուիրեալ Առնօ Բաբաջանեանին իր ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ յաջողած է միաւորել տարբեր սերունդներ եւ ժողովուրդներ` համամարդկային արժէքներու եւ, յատկապէս, խաղաղ համակեցութեան գաղափարի շուրջ, ինչ որ մեր օրերուն ստեղծուած իրավիճակին առաւել քան արդիական է:

Մոսկովեան համերգը կազմակերպուած էր Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի հիմնադրամի եւ «Ռուսաստանի մէջ հայերու միութեան» կողմէ` Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի հովանիի ներքոյ եւ «Համաձայնութիւն» ընկերութեան աջակցութեամբ:

Մեծանուն հայ երգահանի 95-ամեակին նուիրուած համերգաշարը կը շարունակուի մինչեւ տարեվերջ Ռուսաստանի  եւ այլ երկիրներու մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստանի, եւ կ’եզրափակուի Դեկտեմբեր 11-ին` Մոսկուայի Կրեմլի Մեծ դահլիճին մէջ կայանալիք կալա-համերգով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.