2016-05-30 09:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Սքոլաս Օքուրենթէս'' հիմնարկի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 Մայիս 2016-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սքոլաս Օքուրենթէս քահանայապետական հիմնարկի պատկան աշխարհի 40 համալսարաններու ներկայացուցիչներուն որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց համաշխարհային վեհաժողովը ''Համալսարանի եւ դպրոցի միջեւ պատնէշ թէ կամուրջ'' բնաբանով։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրախ ու վառվռուն  մթնոլորտի մէջ եւ հանդիպման  ներկայ գտնուող երիտասարդները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին ու Քահանայապետը` սովորութեան համաձայն, յստակ պատասխաններ տուաւ անոնց։

Ան նախ եւ առաջ ընդգծեց երկխօսութեան եւ հանդիպումի կարեւորութիւնը որ ''բարեկամութիւնը եւ ընկերային եղբայրութիւնը կը յառաջացնէ'' ըսաւ Ան հաստատելով թէ հանդիպման մշակոյթը կը հակասէ մնացորդացի մշակոյթը ու շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն որոնք կը գործեն ի սպաս հանդիպումի մշակոյթին։

Քահանայապետը հուսկ երիտասարդներուն հաղորդեց թէ ինք երբեք չէր մտածեր թէ զինք Քահանայապետ պիտի ընտրէին եւ թէ իրեն համար եւս այս մէկը անակնկալ մըն էր....''սակայն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այդ պահէն ետք Աստուած ինծի շնորհեց անդորրութիւն մը որ մինչեւ օրս սիրտս կը պատէ։ Ահա այս է ընդունած շնորհքս, թէեւ միւս կողմէն ես բնութեամբ քիչ մը անգիտակից վիճակի մէջ կ՛ապրիմ  ու ասոր համար յառաջ կ՛ընդանամ''։

Հանդիպման ընթացքին ապա տեղի ունեցաւ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումի համար մրցանակաբաշխութիւն ու ասոնց շարքին մրցանակը ստացան աշխարհահռչակ դերասաններ Ռիչարտ Կիր, Սալմա Հայէք եւ Ժորժ Քլունի։ Այս առընչութեան Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց ինքնութեան կարեւորութիւնը`  ''հարկաւոր է­, ըսաւ Ան, որ ամէն անհատի տրուի պատկանելիութեան կարելիութիւնը, պատկանելիութիւն մը ընտանիքի մը, կազմակերպութեան մը...այս մէկը ինքնութիւն կը յառաջացնէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւէր ուղղեց կանխարգիլելու նախայարձակումը ու դիմելու ''ժեստերու'' լեզուին` շոյանք մը, ժպիտ մը։ ''Պատերազմներու դաժանութիւնը կ՛ազդէ մանուկներուն վրայ, ըսաւ Քահանայապետը, եւ նոր աշխարհ մը կառուցելու համար մենք պէտք ենք կասեցնել նախայարձակումի որեւէ ձեւ'' հուսկ շեշտեց ուրիշները ունկնդրելու կարեւորութիւնը հաստատելով թէ երկխօսութեան մէջ ոչ մէկը կը պարտուի ամէնքը յաղթական են։ Մինչ վիճաբանութեան մէջ, մէկը կը յաղթէ եւ միւսը կը պարտուի, թէեւ իրականութեան մէջ երկուքն ալ կը կորսնցնեն։ Երկխօսութիւնը ունկնդրութեան կարողութիւն է, կամուրջ կառուցել է ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով մէկդի դնել հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին ապա յայտարարուեցաւ թէ Սքոլաս Օքուրենթէսի ցանցային կայքին վրայ առիթ պիտի տրուի երիտասարդներուն` հարցումներ ուղղելու քահանայապետին, որոնց պատասխանները` յառաջիկայ հոկտեմբեր – նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին լոյս տեսնող գիրքի մը մէջ պիտի հրատարակուին։

Հանդիպման աւարտին յայտարարուեցաւ նաեւ Խաղաղութեան ի սպաս ոտնագունդի յաջորդ խաղի թուականն ու վայրը` 10 Յուլիսին Արժանթինի մէջ, մինչ Արժանթինի կառավարութիւնը խոստացած է օրէնք մը հրատարակել ի սպաս Սքոլաս Օքուրենթէս Քահանայապետական հիմնարկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.