2016-05-30 08:05:00

Նախագահ Սարգսեան. «Այս տօնը մեզի համար փրկութեան տօն է»


Շաբաթ, 28 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետութեան տօնին առիթով Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին դիմաց եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Հանրապետութեան տօնին առիթով տեղի ունեցած է զօրահանդէս, ինչպէս նաեւ ներկաները հետեւած են յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած տօնական մշակութային ծրագիրին: Ան նաեւ այս առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է:

«Այս տօնը մեզի համար նախ եւ առաջ փրկութեան տօն է: Մենք փրկեցինք մեր վերջին հողակտորը եւ այդ հողակտորին վրայ մնացած մեր ժողովուրդին վերջին բեկորները: Որքան ալ ծանր է խոստովանիլ, բայց ատիկա էր իրականութիւնը:

«Յուսահատութեան եւ արնաքամութեան եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ գտաւ վերջին գերբնական ճիգով կանգնելու թշնամիին դէմ, յաղթելու եւ նահանջի մատնելու զայն: Մայիսեան հերոսամարտերը եւ անոնց յաղթական ելքը շատեր զարմանալի հրաշք կ՛անուանէին: Մենք յաղթեցինք, մենք ապրեցանք եւ մենք ազատագրուեցանք:

«Մեր անկախութիւնն ու պետականութիւնը ոչ ոք նուիրած է մեզի: Մենք անոր համար վճարած ենք այնքան, որքան թերեւս ոչ ոք վճարած է: Մենք ատիկա ըրած ենք մինակ, աւելի՛ն. մենք ատիկա ըրած ենք ի հեճուկս ճակատագիրի հարուածներուն:

«28 մայիսով օտարահպատակն ու գաղթականը կը դառնային պետութեան քաղաքացի: Կը դառնային մարդ, որ իր ոտքին տակ արդէն կը զգար ամուր հող, իսկ թիկունքին` պետութիւն: Պետութիւն, որուն կառուցման պէտք է լծուէր ինքը: Պետութիւն, որուն պէտք է ծառայէր: Պետութիւն, որմէ պէտք է պահանջներ ունենալ: Պետութիւն, զոր պէտք է քննադատէր` աւելի լաւի վերածելու ակնկալութեամբ: Պետութիւն, որ իր կիսամեռ ժողովուրդէն, զոր գրեթէ կէսն ալ որբեր էին, պիտի ստանար քաղաքական ազգ: Պիտի աճեցնէր նոր սերունդ, վերածնուած սերունդ, որ ունակ է գիտական, մշակութային եւ ռազմական նոր սխրանքներ գործելու: Ատիկա պետութիւն էր, որ կանխորոշեց Խորհրդային Հայաստանի եւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը:

«Այս տարուան ապրիլի սկիզբը զինուորական  իրադարձութիւնները աւելի տեսանելի դարձուցին շարք մը  իրողութիւններ` թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ, թէ՛ ներսը, թէ՛ մեր շուրջը: Անոնց մէջ ինծի համար ամէնէն կարեւորը մեր նոր սերունդն է` անկախութեան սերունդը, որ ե՛ւ մեզի, ե՛ւ բոլորին ցոյց տուաւ, որ ինքն է իսկապէս տէրն ու պատասխանատուն իր երկրին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.