2016-05-30 14:07:00

՝՝Մանուկները մեր ողբերութեան սիրտն են՝՝ Գերապայծառ Աուտօ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 2 յունիս 2016-ին, Սուրիոյ մէջ համայն քրիստոնեաները աղօթք պիտի կատարեն Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Աղօթքի ձեռնարկին դերակատարներն են մանուկները։

Այս առընչութեամբ, Հալէպի Քաղդէացիներու եպիսկոպոս եւ Սուրիոյ Քարիթասի նախագահ Գերապայծառ Անուան Աուտօ, Վատիկանի Ռատիօ կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց թէ համայն քրիստոնեաներու աղօթքի ձեռնարկին կատարողութեամբ ցոյց կը տրուի թէ Քրիստոնեաները ինչպիսի ձեւով ներկայ են եւ արմատ դրած են Սուրիոյ մէջ։ Անոնք ոչ մէկ առիթ կը կորսնցնեն պաշտպանելու համար իրենց ներկայութիւնը եւ ապագան։ Գերապայծառ Աուտօ ապա մատնանշեց թէ Սուրիոյ ողբերգութեան սիրտը կը հանդիսանան մանուկները, եւ վերոնշեալ համամիութենական աղօթքի ձեռնարկը յատկանշական եւ մեծ իմաստ ունի թէ´ տեղական եւ թէ´ տիզերական Եկեղեւոյ համար

Քաղդէացիներու եպիսկոպոսը ապա ակնարկեց ընկերութեան ամենէն տկար անձերուն՝ մանուկներուն, յարելով թէ մանուկները չեն գիտեր պաշտպանուիլ այսպիսի դժուարին կացութենէ մը եւ հաստատեց ըսելով ՝՝այս իմաստով է որ Տիրոջ սիրտը մանուկներուն մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, հեզութեան ուղին. այն ուղին, որ կը հարցադրէ աշխարհի իշխանութիւնները։ Լաւագոյն ձեւը խաղաղութեան ու համերաշխութեան կոչ ուղղելու՝ մանուկներու ձայնն է։

Ապա Գերապայծառը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ մանուկներու ներկայ կացութեան, նշեց թէ անոնք աւելի քան երկու միլիոն կը հաշուեն եւ հալէպի թաղամասերուն մէջ՝   դպրոցէ եւ արժանապատուութենէ զրկուած, անօթի ստամոքսով, առանց կօշիկի կը թափառին։ Մանուկները հալէպի մէջ չարաշահուած են դրամ դիզելու նպատակով։

Զրոյցի աւարտին Գերապայծառ Աուտօ յայտնեց թէ նաեւ իշխանութեան եւ դրամասիրութեան ձգտող մարդիկ կը տեսնեն մանուկներուն իրողութիւնը, որովհտեւ իւրաքանչիւր անձ եղած է մանուկ մը եւ իւրաքաչանիւրը մեզմէ իր սրտին մէջ կը կրէ մանկական իրականութիւնը, մարդկային խորին երջանկութիւն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.