2016-05-29 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Սարկաւագներու Յոբելեանին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 29 Մայիս 2016-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Սարկաւագներու Յոբելեանին սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած սարկաւագներ ու իրենց ընտանեկան պարագաները ինչպէս նաեւ բազմաթիւ իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներ։

''Քրիստոսի ծառաներ'' այս բառերով է որ Նորին Սրբութիւնը սկսաւ սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը ակնարկելով Սուրբ Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն ու հաստատելով թէ առաքեալ եւ ծառայ բառերը, միասին են, ու կարելի չէ զանոնք իրարմէ զատել, անոնք կը կազմեն նոյն մեդալի երկու երեսները. ''Ան որ Յիսուսը կը հռչակէ կանչուած է ծառայելու եւ ան որ կը ծառայէ կանչուած է Յիսուսը հռչակելու''։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ Տէրը այս մէկը Ինքնին ցոյց տուաւ մեզի` Ինք որ է Բանն Աստուծոյ, Ան որ մեզի բերաւ բարի աւետիսը, Ան նոյնինքն աւետիսն է որ դարձաւ մեր ծառան, չ՛եկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու ու դարձաւ բոլորին սարկաւագը։

Բոլոր զինք հռչակողները կանչուած են նոյնը կատարելու։ Յիսուսի աշակերտը չի կրնար` Վարդապետի ճանապարհէն այլ ճանապարհ մը ընտրել, այլ պէտք է ձգտի ծառայութեան, ինչպէս կը գրէ Պօղոս Առաքեալը ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ եթէ աւետարանելը ամէն մէկ քրիստոնեայի մկրտութեամբ վստահուած առաքելութիւնն է, ծառայելը` առաքելութիւնը ապրողին վարուելակերպն է, Յիսուսի աշակերտը ըլլալու միակ ճանապարհն է։ Յիսուսի վկան է ան որ Տիրոջ նման կը գործէ, ան որ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կը ծառայէ, առանց յոգնելու խոնարհ Քրիստոսէն, առանց յոգնելու քրիստոնէական կեանքէն որ է ծառայութեան կեանք։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ` հաւատարիմ եւ բարի ծառաներ դառնալու առաջին քայլն է տրամադրութիւնը։ Ծառան ամէն օր կը ջանայ կեանքը պարգեւել ու մտածել թէ ոչ մէկ բան իրն է. Ան որ կը ծառայէ իր ժամանակին տէրը չէ, եւ գիտակից է թէ այդ ժամանակը շնորհք մըն է ընդունուած Աստուծմէ եւ որ պէտք է նուիրէ ուրիշներուն։

''Ծառան գիտէ իր դռները բանալ բոլոր անոնց առջեւ որոնք իրեն կը դիմեն'' ըսաւ հուսկ սրբազան Հայրը խրախուսելով սարկաւագները միշտ տրամադրութիւն ցուցաբերելու եւ այդ տրամադրելիութեամբ ապրելու։

Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը ուր կը խօսուի հարիւրապետի մը ու անոր հիւանդ ծառայի մասին, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (գլուխ 7, 1 – 9), եւ ուր ի յայտ կը դրուի հարիւրապետի հեզութիւնն ու հաւատքը որ մէկ կողմէն չ՛ուզէր Յիսուսը նեղացնել որ մինչեւ իր տունը գայ ու միւս կողմէն անոր կ՛ըսէ ''Խօսք մը միայն ըսէ եւ ծառաս պիտի բժշկուի''։ 

Յիսուս ըսաւ Սրբազան Հայրը այս բառերուն դիմաց հիացաւ հարիւրապետին վրայ որ անգիտակցաբար գործեց Աստուծոյ պատկերին համաձայն, հլու եւ հնազանդ սրտով։

''Աստուած արդարեւ սէր է եւ սիրոյ համար ան կը դառնայ ծառայ, այսպէս սիրելի սարկաւագներ, հեզութեան մէջ է որ կ՛աճի ձեր կոչումը դառնալու եղբայրսիրութեան առաքեալներ'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց Աւետարանական հատուածի հարիւրապետի Յիսուսէն բուժուած ծառային` որուն տէրը զինք կը սիրեր ու հաստատեց թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը յարգի է Աստուծոյ մօտ,­ սիրուած ու ընտրուած է անկէ ու կանչուած է ծառայելու, եւ կարիքը ունի ներքին բուժումի որովհետեւ ծառայութեան մէջ յաջողութիւն գտնելու համար հարկաւոր է ունենալ առողջ սիրտ մը, սիրտ մը բուժուած Աստուծմէ։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ապա ներկաները աղօթելու այս դիտաւորութեամբ Յիսուսէն խնդրելով բուժում եւ շնորհքը Իրեն նմանելու, Ինք որ մեզ ծառայ չկոչեց այլ բարեկամներ։

Սիրելի սարկաւագներ ամէն օր խնդրեցէք այս շնորհքը աղօթքով, աղօթք մը ուր կը ներկայացնէք ձեր առօրեայ մտահոգութիւնները, ձեր յոգնութիւնները եւ ձեր յոյսերը, ու երբ ծառայէք սուրբ խորանին այնտեղ պիտի գտնէք Յիսուսի ներկայութիւնը որ ինքզինք կը նուիրէ ձեզի որպէսզի դուք զայն նուիրէք ուրիշներուն։ Այսպէսով դուք պիտի չվախնաք դառնալու Քրիստոսի ծառաներ ու հանդիպելու եւ շոյելու անոր Մարմինը այսօրուայ աղքատներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.