2016-05-27 11:50:00

Երեւանի մէջ մեկնարկած է «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ` մեկնարկեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 25-րդ համատեղ նիստը:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին խորհուրդի անդամ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունիի յիշատակը:

Նախագահը յայտարարեց, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդի 33 անդամներէն ներկայ է 29-ը, ներկայ են տեղական մարմիններու 24 ներկայացուցիչներ, քուորումը ապահովուած է, սկսաւ նիստի աշխատանքը:

Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ զեկոյց պիտի ներկայացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Մարաթոն 2016-ի նպատակաուղղուածութեան մասին:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը ներկայացուց 2015 թուականի հաշուետուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.