2016-05-25 12:04:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ծերունիին կարողութիւնը...

Գիտակից ծերունին միշտ յարգուած տեսեր եմ, նոյնիսկ եթէ անցեալին մասնաւոր հանգամանք մը չէ՛ ունեցած ան ընկերային կեանքին մէջ: Մինչ ամէն օր իր երիտասարդական կորովին խաբկանքը ապրող տարեցը ծաղր ու ծանակ կը դառնայ, յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Ծերացած գայլին եւ արջին մասին ալ գեղեցիկ առածներ կան առակագիրներու կողմէ հեղինակուած, այս կամ այն լեզուով, որոնք ցոյց կու տան, թէ՝ այս հզօր անասունները ինչպէս խաղալիք կը դառնան իրենցմէ աւելի տկար եւ անտառի ընդհանուր խումբին մէջ գրեթէ ոչնչութիւն համարուող կենդանիներուն ձեռքը:

Տկարութիւնը, ֆիզիքական կամ իմացական, ամօթ մը չէ՛: Յատկապէս զարգացած ներկայ դարուն, երբ աշխարհի գրեթէ բոլոր անկիւններէն մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու թէ՛ միջազգային, թէ՛ տեղական մարմիններու յայտարարութիւններ կը լսենք, կրնանք հաւաստիացնել բոլորը, թէ աշխարհը այս իմաստով սկսեր է յառաջդիմել: Կաղ մարդու մը քալուածքը, անցեալին ծաղրի եւ ծիծաղի առարկայ կը դառնար: Նոյնիսկ ոմանք առանց խղճահարելու, զայն կը կապկէին հրապարակաւ: Իսկ հիմա, հաշմանդամներու յատուկ հիմնարկութիւններ եւ պաշտպան կազմակերպութիւններ ամէն միջոցի կը դիմեն, զանոնք եւս ներառելու ընկերութեան կեանքին մէջ:

Տարիքի յառաջացման հետ զգացուած ֆիզիքական տկարութիւնը, հողեղէն բնութեամբ ստեղծուած մարդուն համար շա՛տ բնական է: Կահկարասիներն ալ, ինչ նիւթով որ ալ պատրաստուած ըլլան, կը հիննան ժամանակի ընթացքին:

Մարդիկ ալ այսպէս են: Բժիշկներուն տրուած հազար այցելութիւն, երբեմն ո՛չ մէկ օգուտ կ՛ունենայ ա՛յն հիւանդներուն համար, որոնք կա՛մ անբուժելի հիւանդութեամբ կը տառապին, կա՛մ ուշացած են արդէն բուժման դիմելու: Բժիշկը, երկու պարագաներուն ալ, պարզապէս կը ջանայ հիւանդին կեանքի տեւողութիւնը երկարաձգել, առիթ տալով, որ հարազատները քիչ մը եւս վայելեն անոր ներկայութիւնը այս աշխարհի մէջ: Ֆիզիքական տկարութենէն տարբեր իրավիճակ կը ներկայացնէ բարոյական տկարութիւնը: Քաջութիւն, հզօրութիւն, ուժ եւ նման այլ հոմանիշ բառեր, միայն մարդու ֆիզիքական ուժգնութեան համար չենք գործածեր, այլեւ անոր ներքին՝ հոգեկան արիութեան ու կորովին ակնարկելու համար:  ֆիզիքական կազմաւորումը ոեւէ անձի կրնայ թուլնալ ու տկարանալ յառաջացած տարիքի մէջ, սակայն հոգեկան զօրութիւնը անգամ մը որ կազմաւորուի, շատ դժուար փոփոխութեան կ՛ենթարկուի:

Իրենց պատանեկան եւ երիտասարդական ամբողջ տարիներուն մարզանքով զբաղած եւ մարմինը համապատասխան դիմադրողականութեամբ օժտած անձեր միշտ հպարտութեամբ կը յիշեցնեն մեզի, թէ իրենք առողջ կը զգան հիմա, երբ արդէն ծերացեր են: Սակայն այս վիճակը այդքան ալ երկար երաշխաւորուած չէ՛, որովհետեւ մարդու ֆիզիքականը միշտ կրնայ յանկարծ «դաւաճանել» իր տիրոջ:

Ֆիզիքական զօրութեան բացակայութեան, հոգեկան տկարութեան բացայայտ նշաններէն մէկն է սեփական լեզուին վրայ դրուած յաւելեալ «ուժը»: Եթէ տարիքի բերումով մարդուն ձեռք բերած ճոխ գիտութիւնը փոխանցելու ծառայէ այս աշխուժութիւնը, բացառիկ առիթ կը հանդիսանայ ընդհանուրին զարգացման եւ մարդկային ընկերութեան ազնուացման: Իսկ եթէ պարզապէս բամբասանքի ու վարկաբեկումի համար գործածուի, այն ատեն կը դառնայ վտանգաւոր դաշոյն, որուն թէ՛ մէկ եւ թէ միւս կողմը կը վիրաւորէ հանդիպած ոեւէ անձ:

Մարդիկ միշտ լեզուին վրայ կը բարդեն շատախօս ըլլալու յանցանքը: Բայց լեզուն ի՞նչ մեղք ունի… Անիկա հլու կամակատար մըն է մեր ներքին ինքնութեան, մեր միտքին տուած հրահանգներուն: Այնտեղ՝ միտքին մէջ լղորճուող գաղափարները մեր լեզուն ճարտարութեամբ կը բանաձեւէ ու կ՛արտաբերէ պարզապէս: Տկարութեան իսկական մեղքը ենթակայի՛նն է, որ առիթ կու տայ իր լեզուին, նման արտայայտութիւններ ունենալու: Իսկ այդ արտայայտութիւնները արտաքին նշանը կը հանդիսանան իր ներքին՝ հոգեկան տկարութեան, որ աւելի ու աւելի՛ կը բացայայտուի, մարդու յառաջացած տարիքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.