2016-05-18 11:52:00

ՀՀ Նախագահը դեսպաններ նշանակած Է


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Սարգիս Ղազարեան  ազատուած է Իտալիոյ  Հանրապետութեան, Խորուաթիոյ Հանրապետութեան, Սան Մարինոյի Հանրապետութեան, Մալթայի Հանրապետութեան եւ Սլովենիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի պաշտօնական էջէն:

Նախագահին այլ հրամանագիրներով, Վիկտորիա Բաղդասարեան նշանակուած է Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Հռոմ), Աւստրիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Խորուաթիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Վիեննա):

Սերժ Սարգսեանի մէկ այլ հրամանագիրով, Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Փորթուկալիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Վատիկան








All the contents on this site are copyrighted ©.