2016-05-15 09:45:00

Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ. Պենտեկոստէ


Յովհաննէսի Աւետարանի ԺԳ.-ԺԷ. գլուխները Աստուածաշունչի ամենէն խորախորհուրդ եւ սրտառուչ տողերէն են։ Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս շրջապատուած իր առաքեալներով անոնց կը բացայայտէ իր կտակը։ Առաքեալները տակաւին մշուշապատ իրենց մտքերով՝ չեն ըմբռներ Յիսուսի խօսքերուն խորքը, չեն թափանցեր անոր պատգամներուն ուղն ու ծուծին մէջ, չեն հասկնար աստուածային սիրոյ խորհուրդը՝ որ կը զոհաբերէր Որդին մարդկութեան փրկութեան, ազատագրումին համար։

Հարցական անոնց նայուածքները սեւեռած են Վարդապետին վրայ. անոնց ապշած բերաններէն խօսքերը դուրս չեն գար, սրտերը կը ճմլուին, հոգիները մթագնած անձկութեան մէջ են։

Յիսուս կը խոստանայ փարատել անգիտութեան խաւարը, հոգիները պղտորող մշուշը, ցրել մարդկային հաշուարկներու կառոյցը, սփոփել անմխիթար սրտերը։ Հօր եւ Որդւոյն սիրոյ մասին կը խօսի Յիսուս՝ անոնց, որոնք քիչ ետք պիտի մատնեն զինք, պիտի հեռանան իրմէ, պիտի ուրանան զինք։ Կը խօսի խոնարհութեան ու նուիրումի մասին՝ անոնց, որոնք դեռ քիչ առաջ կը վիճէին, թէ ո՛վ է մեծը իրենց մէջ։ Յիսուս կը խոնարհի անոնց առջեւ, կը լուայ անոնց ոտքերը՝ կրկին ապշահարելով անոնց դէմքերը, խռովելով հոգիները։ Փրկագործութեան արարքը կը հասնէր իր լրումին, Որդիին առաքելութիւնը՝ կատարումին։

Մխիթարիչը պիտի չուշանայ՝ կը պատգամէ Յիսուս. կը թողու Իր խաղաղութիւնը առաքեալներու խռոված հոգիներուն եւ կը յորդորէ չխրովիլ, չվախնալ։

Մարդ արարածը իր կեանքին մէջ քանի՛-քանի՛ անգամներ կʼապրի այսպիսի հոգեվիճակներ՝ հոգեկան խռովք, անորոշութիւն, կորսուած պայքարի ընկճուածութիւն, յուսալքում. իսկ սրտին մէջ՝ սիրոյ բացակայութիւն, մութ ու մռախուղ։ Քանի՛-քանի՛ անգամներ Յիսուսի խօսքը, Յիսուսի օրինակը անհասկնալի եւ անիրականացնելի կը թուին մարդուն։

Սակայն այդ խաւարին մէջն է, որ կը հնչէ Յիսուսի ձայնը՝ «մի խռովիր, մի վախնար»։

Եւ ահա Սուրբ Հոգւոյն Գալուստը՝ կատարուած ահեղաշունչ։ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերով՝ «Յանկարծահնչեաց հայրաշարժ բղխումն հրահոսավտակ բոցաշաւեղ եռանդն. որոյ դրանդն ի յերկնից հողմահնչեաց բոց ի բոցատիպ խուռնամանուած լեզուաց։» Սուրբ Հոգին անմիջապէս կը լեցնէ առաքեալներու սրտերը աստուածային սիրոյ կրակով, կը լուսաւորէ մտքերը՝ աստուածային արագակնաշունչ ցոլքով, հոգիներուն կը շնորհէ մխիթարութիւն՝ աստուածային գութի ջերմութեամբ։ Առաքեալները կը հասկնան ամէն ինչ, կʼըմբռնեն խաչի խորհուրդը եւ յարութեան յաղթանակի աւետիսը. կը նետուին հրապարակ, չեն վարանիր քարոզել խաչեցեալ Քրիստոսը։ Կը մեղադրուին, սակայն վախը եւ վերջին ընթրիքի պահուն խռովքը չքացած էր։

Սուրբ Հոգին, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կը տրուի մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներով, որ կը ներգործէ բոլոր խորհուրդներու միջոցաւ՝ նոյն շնորհքներով կը լեցնէ քրիստոնեան, ինչպէս Պենտեկոստէի օրը լեցուց առաքեալները։ Երբ կեանքի ճանապարհը մեր առջեւ միշտ նորանոր խոչընդոտներ եւ սպառնալիքներ կը հանէ, երբ ճանապարհը կը մթագնի՝ Յարուցեալ Յիսուսի խօսքը մեզի կʼընկերանայ՝ «մի խռովիր, մի վախնար, քեզի տուած եմ Սուրբ Հոգին՝ հոգի խաղաղութեան, սիրոյ, զօրութեան, խորհուրդի, գիտութեան, հանճարի  եւ իմաստութեան։ Պտղաբերէ՛ Հոգւոյն պարգեւները՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։» (Հմմտ. Գաղ Ե. 22-23)

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Հոգւոյ Գալստեան տաղի տողերով դիմենք Սուրբ Հոգիին՝

«Հրով մաքրողին վերառաքեմք

իննաբար երգ ի նա մէտ.

եւթնաղի շնորհաց Հոգւոյն Սրբոյ՝

Հոգի Հօր, ելումըն նոյնատիպ դիմաց։

Հոգի Աստուծոյ, Հոգի զօրութեան,

Հոգի հեզութեան, Հոգի գիտութեան,

իմաստութեան, Հոգի խորհրդոյ եւ հանճարոյ։

Մի իմոյ եւ զիս մի դատապարտեր

զքո ձեռին շինեալ տաճարս.

յիս օթեվանեա, քո կամելդ գործ է կատարեալ։

Կամեցող բարեաց բարեգործեայ յիս՝ ի բազմամեղս.

երգել երգենից պատիւ միշտ էականիդ

կամաւ քո եւ զիս վերնորոգեայ ի փառս։»

(Գրիգոր Նարեկացի, Տաղ Գալստեան Հոգւոյն)








All the contents on this site are copyrighted ©.