2016-05-06 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը ''Քարլօ Մանիօ'' մրցանակի տուչութեան արարողութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 6 Մայիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան քաղաքական կառոյցներու նախագահներ` Տիար Մարթին Շուլց` Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը, Տիար Տոնալտ Թուրսք, Երկխորհուրդի նախագահը եւ Տիար Ժան Քլօտ Եունքեր Եւրոպայի Յանձնաժողովի նախագահը։

Ժամը 11-15 Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ Դաշնակցային հանրապետութեան վարչապետ` Անկելա Մերքելին  հուսկ  կէսօրին ի ներկայութեան վերոնշեալ Եւրոպական Միութեան քաղաքական Կառոյցներու նախագահներուն եւ եւրոպական քաղաքական այլ  անձնաւորութիւններու, առաքելական պալատի ''Ռեճճա'' սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհուեցաւ Գերմանիոյ Աքուսկրանա քաղաքի  ''Քարլօ Մանիօ'' 2015-ի մրցանակը։

Ժամը 11-15 Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ Դաշնակցային հանրապետութեան վարչապետ` Անկելա Մերքելին  հուսկ  կէսօրին ի ներկայութեան վերոնշեալ Եւրոպական Միութեան քաղաքական Կառոյցներու նախագահներուն եւ եւրոպական քաղաքական այլ  անձնաւորութիւններու, առաքելական պալատի ''Ռեճճա'' սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհուեցաւ Գերմանիոյ Աքուսկրանա քաղաքի  ''Քարլօ Մանիօ'' 2015-ի մրցանակը։

Այս առթիւ արտասանած  երկարաշունչ իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ ողջունեց բոլոր ներկաները ու յատկապէս Մարսել Ֆլիփ, Եուրկէն Լինտէն, Մարթին Շուլց, Ժան Գլօտ Եունքէր եւ Տոնալտ Թուսքը, իրեն փոխանցած ողջոյնի խօսքերուն համար։ Ան ապա հաստատեց թէ այս մրցանակը կ՛ուզէ ձօնել Եւրոպային ու մաղթանք յայտնեց որ այս մրցանակը առիթ հանդիսանայ սիրեցեալ այս ցամաքամասին միասնաբար մաղթելու նոր ու քաջ նոր սլացք մը։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց Եւրոպայի կարողութեան ու պատմութեան վրայ, մեկնելով անցեալ դարուն յատկանշական եւ ողբերգական իրողութիւններէն ու պատերազմի աւարտին Եւրոպական ծրագրի հիմնադիր հայրերու սրտերուն  մէջ բորբոքող այն յոյսէն, որ առիթ եղաւ հաստատելու խաղաղութեան պատնէշի հիմքը։

Կառոյց մը, ըսաւ Ան,  որ կազմուած է զանազան պետութիւններէ որոնք չմիացան  ''հարկադրանքի'' բերումով այլ` հասարակաց բարիքի ազատ ընտրութեամբ։

Եւրոպան, երկար բաժանումներէ ետք վերջապէս գտաւ ինքզինք եւ սկսաւ կառուցել իր տունը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա մատնանշեց այսօրուայ իրողութեան, ուր հիմնադիր հայրերու կոռովը եւ միութիւն կերետլու իղձը կարծես մարած ըլլայ, ու դիտել տուաւ թէ ''դժուարութիւնները կրնան յաճախ դառնալ միութեան հզօր խթաններ''։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց իր Եւրոխորհրդարանին մէջ արտասանած խօսքերուն որոնց ընթացքին Եւրոպան որակած էր որպէս ''մեծ մայր'' որ կորսնցուցած է իր վերակենդանացնող եւ ստեղծագործ կարողութիւնը։

''Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, մարդկայնական եւրոպա, մարդու իրաւունքներու, քաղաքակրթութեան եւ ազատութեան պաշտպան։ Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի Եւրոպա` երկիր բանաստեղծներուն, փիլիսոփաներու, արուեստագէտներու, երաժիշտներու եւ գրողներու։ Ի՞նչ պատահեցաւ քեզի եւրոպա Մայր ժողովուրդներուն եւ ազգերուն, մայր վեհանձն մարդոց եւ կիներուն` որոնք իրենց կեանքով պաշտպանեցին իրենց եղբայրներուն արժանապատուութիւնը''  Հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց, Նացիական  մահուան ճամբարներուն վերապրող Էլի Վեյզելի խօսքերը որ կ՛ըսէր թէ այսօր հիմնական է իրականացնել ''յիշողութեան փոխներարկում'' ։

Հարկաւոր է յիշել­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ու մտիկ ընել մեր նախահայրերուն ձայները։ Յիշողութիւնը մեզ պիտի օգնէ ոչ միայն անցեալի սխալները դարձեալ գործելու այլեւ  մեզի ցոյց պիտի տայ այն նուաճումները որոնք օգնեցին մեր ժողովուրդներուն դրականօրէն գերազանցելու  պատմական խաչմերուկները։

Մեր նախահայրերը գիտցան որոնել այլընտրանքային եւ նորարական ուղիներ, պատերազմի վէրքերով յատկանշուած իրականութեան մը մէջ։ Անոնք քաջութիւնը ունեցան երագելու Եւրոպայի գաղափարը ու յանդգնեցան արմատապէս վերափոխելու այն օրէնախափութիւնները որոնք միայն բռնութիւն ու կործանում յառաջացուցին։ Համարձակեցան փնտռել բազմակողմանի լուծումներ այն հարցերուն, որոնք մերթ ընդ մերթ միասնական կը դառնային, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու մէջբերեց Ռոպերթ Շումանի խօսքերը ''Եւրոպան մէկ զարկով չ՛իրականանար եւ ոչ ալ միասնական կառուցումով, ան կ՛իրագործուի առարկայական ստեղծագործ  նուաճումներով եւ  փաստացի  զօրակցութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց այդ փաստացի զօրակցութեան վերադառնալու հարկաւորութիւնը ու հաստատեց թէ հիմնադիր հայրերու ծրագիրները այսօր եւս կը ներշնչեն մեզ` կառուցելու կամուրջներ եւ տապալելու պատերը ու վերսկսելու կառուցողական աշխատանք մը որ կարիքը ունի բոլորին ջանքերուն եւ համագործակցութեան, ինչպէս ըսած է Ալչիտէ Տէ Կասփերին։

Անցեալէն  ներշնչուելով քաջութեամբ դիմագրաւենք ժամանակակից բազմաբեւեռային խրթին իրականութիւնը, վճռակամ ընդունելով` Եւրոպայի գաղափարը արդիական դարձնելու մարտահրաւէրը ըսաւ Քահանայաետը ու հրաւիրեց ձգտիլ Եւրոպայի մը որ կարողանայ ծնունդ տալ նոր մարդկայնապաշտութեան մը,  հիմնուած երեք կարողութիւններու վրայ ''համալրումի  կարողութիւնը, երկխօսութեան կարողութիւնը եւ վերածնունդի կարողութիւնը­­,  ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ մէկիկ մէկիկ անդրադարձ այդ երեք կարողութիւններու մասին, սկսեալ համալրումի կարողութենէն որ պէտք է ընդունի բազմազանութեան ու բազմամշակոյթի համակեցութիւնը որպէս հարստութիւն` դիմելով զօրակցութեան որ պէտք չէ բացատրուի որպէս ողորմութիւն, այլ որպէս հնարաւորութիւններու կարելիութիւն, այնպէս որ մեր քաղաքներուն բոլոր բնակիչները կարողանան իրենց կեանքը ապրիլ ու զարգացնել արժանապատուութեամբ։ 

Ժամանակը մեզի կը սորվեցնէ թէ բաւարար չէ անձերու աշխարհագրական ներմուծումը այլ հարկաւոր է նաեւ մշակութային համալրում ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու խօսելով  երկխօսութեան կարողութեան մասին, շեշտեց ''երկխօսութիւն'' բառին կարեւորութիւնը։ Մենք ըսաւ Սրբազան Հայրը, կանչուած ենք զարգացնելու երկխօսութեան մշակոյթը որպէսզի ան մեզի կարող դարձնէ, այլ մշակոյթի պատկան օտարականին ու գաղթականին նայելու որպէս ենթակայ մը զոր պէտք է ունկնդրենք, յարգենք եւ արժեւորենք։

Խաղաղութիւնը արդարեւ կը յարատեւէ անքանով որ մենք մեր զաւակները կը զինենք երկխօսութեան զէնքերով ու անոնց կը սորվեցնենք մղել հանդիպումի ու բանակցութեան պայքարը։ Միայն այսպէսով  պիտի կարենանք անոնց ձգել մշակութային ժառանգութիւն մը որ կարող է ռազմավարութիւններ սահմանել ոչ թէ մահու այլ կեանքի` ոչ թէ բացառութեան այլ համալրումի։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երրորդ կարողութեան` ''վերածնունդի'' կարողութիւնը։ Երկխօսութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը մեզի կը յիշեցնէ որ ոչ մէկը կրնայ մնալ որպէս հանդիսատես կամ դիտորդ, ամէնքս `մեծէն մինչեւ փոքրը, յատուկ մաս ունինք համերաշխ եւ համալրուած ընկերութեան մը կառուցումի գործընթացին մէջ։

Այս առընչութեամբ երիտասարդները կարեւոր դեր մը ունին խաղալիք։ Անոնք ոչ միայն մեր ժողովուրդներուն ապագան են այլեւ անոնց ներկան, որոնք իրենց երազներով, այսօր իսկ կը կերտեն Եւրոպայի հոգին։

''Չենք կրնար առ այդ մտածել ապագային առանց անոնց տրամադրելու իսկական մասնակցութիւն. չենք կրնար երեւակայել եւրոպա մը առանց զանոնք դարձնելու այդ երազին դերակատարները'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հարցադրեց թէ ի՞նչ կերպով կարելի է հրապուրել երիտասարդները, մատնանշելով թէ ո նախ եւ առաջ  հարկաւոր է անոնց ապահովեցնել պատշաճ եւ արժանավայել աշխատանք։

Այս ընելու համար հարկաւոր է ունենալ տնտեսական ներառող եւ արդար տիպարներ, որոնք սահմանուած չըլլան քիչերու ծառայութեան, այլ համայն ընկերութեան բարիքին։

Այս կը նշանակէ անցք դէպի ընկերային տնտեսութիւն որ կ՛երաշխաւորէ ամէն անհատի արժանավայել ապրելակերպը։ Եթէ կ՛ուզենք արժանավայել ապագայ մը, եթէ մեր ընկերութիւններուն համար կը ցանկանք խաղաղ ապագայ, կարող ենք անոր ձգտիլ միայն ''ներառումի'' ճանապարհով, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, հաստատելով թէ այս մէկը  դարձեալ մեզի կը շնորհէ կարողութիւնը` մարդկայնապաշտութեան երազին, որուն Եւրոպան եղած է միշտ աղբիւր եւ օրրան։

Եւրոպայի այս  վերածնունդին կարող է եւ պէտք է օժանդակէ նաեւ Եկեղեցին` անոր պարտականութիւնը կը համապատասխանէ անոր առաքելութեան որ է` Աւետել Աւետարանը, որ այսօր աւելի քան երբեք կը թարգմանուի, ընթանալու դէպի մարդու վէրքերը, այնտեղ տանելով Յիսուսի զօրեղ ներկայութիւնը եւ Անոր մխիթարիչ եւ քաջալերող ողորմութիւնը։

Աստուած կ՛ուզէ բնակիլ մարդոց միջեւ եւ այս կարելի է միայն մարդոց միջոցաւ։ Ասոր համար միայն Վկաներով հարուստ եկեղեցի մը  Եւրոպայի արմատներուն կարող է պարգեւել Աւետարանի բիւրեղացած ջուրը։ Այս ուղղութեամբ քրիստոնեաներու դէպի լիակատար միութիւն ընթացքը ժամանակներու նշան է եւ է նաեւ  հրատապ անհրաժեշտութիւն համապատասխանելու Տիրոջ կոչին ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը եւ իր երկարաշունչ ճառին աւարտին ըսաւ.

Սրտով եւ մտքով. Յոյսով եւ առանց անիմաստ կարօտի, որպէս զաւակ մը որ կը վերագտնէ իր Մայր Եւրոպան եւ իր կեանքի ու հաւատքի արմատները, ես կ՛երազեմ նոր եւրոպական մարդկայնապաշտութիւն, որ կարիքը ունի յիշողութեան, քաջութեան, եւ մարդկային երազանքի։

Ես կ՛երազեմ երիտասարդ Եւրոպա մը, կարող շարունակելու ըլլալ Մայր, Մայր մը որ կեանք ունի որովհետեւ կը յարգէ կեանքը եւ յոյս կը ներշնչէ։ Կ՛երազեմ եւրոպա մը, որ խնամք կը տանի մանուկին, որ օգնութեան կը հասնի աղքատ եղբօր եւ անոր որ հիւրընկալութիւն կը փնտռէ, որովհետեւ կորսնցուցած է ամէն ինչ եւ ապաստանի կը կարօտի։

Կ՛երազեմ Եւրոպա մը որ գիտէ ունկնդրել ու արժէքաւորել հիւանդ եւ տարիքոտ անձերը, որպէսզի չի վերածուին ''մնացորդացի''։ Կ՛երազեմ եւրոպա մը ուր գաղթական ըլլալը չհամարուի որպէս ոճիր, այլ հրաւէր մը` աւելի մեծ յանձնառումի, ի սպաս մարդ էակին։

Կ՛երազեմ եւրոպա մը ուր երիտասարդները կարենան շնչել պարկեշտութեան մաքուր օթը, սիրեն մշակոյթին գեղեցկութիւնը եւ կեանքի պարզութիւնը, որ ապականած չըլլայ մսխումի անյագ կարիքներէն։ Եւրոպա մը ուր` ամուսնանալ եւ զաւակ ունենալը ըլլայ պատասխանատուութիւն եւ մեծ ուրախութիւն ու ոչ թէ հարց մը` անկայուն աշխատանքի պակասի բերումով։
Կ՛երազեմ ընտանիքներու Եւրոպա մը, իսկական քաղաքականութեամբ, հիմնուած դիմագիծերու եւ ոչ թէ թիւերու վրայ։ Կ՛երազեմ Եւրոպա մը որ կ՛երաշխաւորէ ամէն անհատի իրաւունքը եւ անոր պաշտպանութիւնը, առանց մոռնալու իւրաքանչիւրի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը։ 

Կ՛երազեմ Եւրոպա մը, ուր կարելի չըլլայ ըսել` թէ անոր յանձնառումը ի սպաս մարդկային իրաւունքներուն, եղաւ անոր վերջին ցնորքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.