2016-05-06 13:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 6 մայիսի քարոզը քրիստոնեային ուրախութինն ու յոյսը


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեան չի կրնար զգայազրկել իր ապրած վիշտը, սակայն՝  ան զայն կ՝ապրի այն յոյսով,  որ Աստուած պիտի պարգեւէ ուրախութիւնը. Ուրախութիւն մը` որ ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել։Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի 6 մայիս 2016-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարգի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական պատգամը։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Յիսուսի՝  առաքեալներուն տուած ազդարարութեան մասին, թէ անոնք պիտի ապրին տխուր պահեր, Տէրը անոնց կը վստահեցնէ թէ այդ տխրութիւնը պիտի փոխուի ուրախութեան կոչին, ինչպէս յղի կնոջ  ծննդաբերութեան կրած ցաւերը որոնք ծննդաբերութենէն ետք, մանուկին` աշխարհ գալէն ետք, կը դառնան այդ  կնոջ ուրախութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց  յառաջ ընթանալ ուրախութեամբ եւ յոյսով, որովհետեւ ուրախութիւնն ու յոյսը միասին կը քալեն ըսաւ Ան հաստատելով թէ Յոյսէ զուրկ ուրախութիւնը  պարզապէս հրճուանք  կը նկատուի։ Ուրախութիւնը կ՝ուժեղացնէ յոյսը, եւ յոյսը կը ծաղկի ուրախութեան ներքեւ։

Երկու  քրիստոնէական այս առաքինութիւնները՝ յոյսն ու ուրախութիւնը   ցոյց կու տան մեզի ուղին դուրս ելլելու մենք մեզմէ։

Ուրախ մարդը չի փակուիր ինքնիր մէջ,  այլ դուրս կ՝ելլէ ինքնիր մէջէն  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  մատնանշելով անցողակի ուրախութեան, մարդկային ուրախութիւնը  որ կրնայ մեզմէ խլուիլ, մինչ Յիսուսի պարգեւած ուրախութիւնը ոչ մէկը  կրնայ զայն խլել մեզմէ եւ  յաւերժ է։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հայցելով Աստուծմէ՝  որ շնորհէ մեզի  մեծ ուրախութեան պարգեւը ,  եւ անիկա ըլլայ  յոյսի արտայայտութիւն, զօրաւոր յոյսի ՝ որ  կը դառնայ ուրախութիւն։

՝՝Տէրը պահապանէ սոյն ուրախութիւնն  ու յոյսը որպէսզի ոչ մէկը կարենայ  զանոնք մեզմէ խլել՝՝ եզրափակեց Նորին սրբութիւնը։։








All the contents on this site are copyrighted ©.