2016-05-06 09:40:00

Կարդինալ Փարոլին Վիլինուսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  6- 8 Մայիս 2016-ին, Լիթուանիա կը մեկնի, այնտեղ` յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նախագահելու համար Աստուածային Ողորմութեան ազգային խորհրդաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ Վիլինուսի մէջ։

Խորհրդաժողովի ծիրէն ներս Վիլինուսի  եկեղեցիներու մէջ եւ այլ կեդրոններու մէջ  նախատեսուած են մշակութային եւ աւետարանումի մասին հանդիպումներ ինչպէս նաեւ աշխատանքային նիստեր առօրեայ կեանքին մէջ ողորմութեան եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներու մասին, հուսկ հոգեւոր արարողութիւններ եւ համերգ մը ապա եզրափակիչ թափօրը եւ Սուրբ Զոհի արարողութիւնը, 8 Մայիսին, Վիլինուսի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ։

Նախ քան Վիլինուս մեկնիլը, Կարդինալ Փարոլին` Հինգշաբթի 5 մայիսին, Իտալիոյ Ծերակոյտին մէջ մասնակցեցաւ Կրօնի Ազատութեան մասին մէկ համաժողովին որուն ընթացքին խօսք առնելով հաստատեց թէ ''կրօնը, իր արժէքներով, կարող է իր սատարը տալ հասարակական կեանքին եւ հանրային ու ընկերային բանավէճի ծիրէն ներս։ Անդրադառնալով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհուած Քարլօ Մանիօ մրցանակին, որուն տուչութիւնը տեղի կ՛ունենայ 6 Մայիսին, Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ այս մէկը նոր առիթ մըն է` Եւրոպային յիշեցնելու անոր մարդկայնապաշտ կոչումը, որ է կոչում` բոլորին նկատմամբ զօրակցութեան''։ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը ապա դատապարտեց կրօնը որպէս բաժանումի միջոց օգտագործողները ու յատկապէս ''աշխարհականութիւնը'' որ կ՛ուզէ կղզիացնել կրօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.