2016-05-06 11:07:00

Ժամանակաւոր զինադուլ Հալէպի մէջ


ՀԱԼԷՊ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Մայիս 5ին, Հալէպի մէջ ի զօրու դարձաւ 48 ժամուան զինադադար մը, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի համակիր եւ անոր դէմ պայքարող ուժերը տեղի տուին այս նպատակով իրենց վրայ վերջին քանի մը օրերուն բանեցուած դիւանագիտական միջազգային ճնշումներուն։

Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ գոյացուցած Փետրուար 27ի զինադադարի համաձայնութեան շնորհիւ եղած համեմատական խաղաղութիւնը Ապրիլ 22ին խախտուեցաւ յատկապէ՛ս Հալէպի մէջ, ուր միայն այդ թուականէն ի վեր՝ առնուազն 280 զոհ արձանագրուեցաւ։

Ըստ նախնական տուեալներու՝ ժամանակաւոր այս զինադադարին պատճառով Հալէպի մէջ բախումները զգալիօրէն նուազած են, սակայն քանի մը վայրերու մէջ բախումներ կ՛արձանագրուին տակաւին։

Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օր, սուրիական բանակի հակակշիռին տակ գտնուող կեդրոնական Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մօտերը տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու պայթումներու հետեւանքով սպաննուած է առնուազն 10 հոգի եւ վիրաւորուած են աւելի քան 40 ուրիշներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.